image

QATAR AIRWAYS-ի Առաջին օդանաւը այսօր վայրէջք պիտի կատարէ «Զուարթնոց» օդակայան

QATAR  AIRWAYS-ի  Առաջին օդանաւը այսօր    վայրէջք պիտի կատարէ    «Զուարթնոց»  օդակայան

Qatar  Airways    Օդանաւային  ընկերութիւնը  այսօր   կը սկսի  իր հերթական  թռիչքները դէպի Երեւան: Այս մասին կը յայտնեն ընկերութեան    Երեւանի  գրասենեակէն: Կը նշուի նաեւ, որ  Qatar Airways -ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէնը այսօր   այս մասին  մամլոյ ասուլիս  մը պիտի տայ:  Կը սպասուի նաեւ, որ     ընկերութեան  առաջին  օդանաւը   այսօր վայրէջք կատարէ Երեւանի  «Զուարթնոց» միջազգային օդակայան: