Թուրքիա- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Աֆքան Ալան կիրակի օր յայտարարծ էր, թէ Շաբաթ օր Պոլսոյ մէջ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը Մուհամմէտ Օզթուրք անունով թուրք մըն էր, 1992-ի ծնունդ, որ անդամ էր ծայրայեղական «Տահէշ» կազմակերպութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շարք Ալ-Աուսաթ», նշելով, որ ներքին գործոց նախարարը նաեւ յստակացուցած է, որ նախապէս նոյն անձը 5 անգամ ձերբակալուած ու բանտարկուած է, եւ դարձեալ՝ ազատ աձակուած, մատնանշելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը հետեւին բոլոր նոր բացայայտուող տուելաներուն, սերտելու համար, թէ ահաբեկչական գործողութիւնը կատարողի ետին, իրեն օգնող կամ մատակարարական (լոճիսթիք) օժանդակութիւններ ցուցաբերող այլ կողմեր եղած են, թէ ոչ :
Միւս կողմէ Ալան նաեւ կը նշէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնը ահազանգային իրավիճակ յայտարարած է եօթ թրքական նահանգներու մէջ, ահաբեկչութեան պատճառաւ, յատկապէս քիւրտերու կողմէ ոգեկոչուող Նէյրուզի տօնի առթիւ:
Նշենք, որ անձնասպանական յարձակումը տեղի ունեցած էր Շաբաթ, Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքի կեդրոնը գտնուող Իսթիքլալ թաղամասին մէջ, որ նշանաւոր է որպէս առեւտուրի կեդրոն եւ զբօսաշրջիկներու այցելատեղի, որու հետեւանքով սպանուած էին 5 անձեր: