image

Պոլսոյ մէջ ընթացք առած են տեղապահի ընտրութեան պատրաստութիւնները

Պոլսոյ մէջ ընթացք առած են տեղապահի ընտրութեան պատրաստութիւնները

Կայացուած որոշումին համաձայն, շուրջ շաբաթ մը վերջ՝ 15 մարտին տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ Պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնը, որմէ ետք Արամ Սրբազան պիտի հրաժարի Պատրիարքական Փոխանորդի իր պաշտօնէն:

Սակայն Պոլսոյ մեր աղբիւրէն վերահասու կը դառնանք, որ մինչեւ օրս Պատրիարքարանի կամ Կրօնական Ժողովի կողմէ պաշտօնական որեւէ տեղեկութիւն չէ տրուած պոլսահայութեան,  հոգեւորականներն ալ ցարդ համագումարի մասնակցութեան հրաւէր չեն ստացած:

Համայնքային ու կրօնական շրջանակներ անհամբերութեամբ կ'ուզեն գիտնալ թէ քուէները տեղապահութեան թեկնածու՝ միաբանութեան երեք եպիսկոպոսներէն որուն վրայ պիտի կեդրոնանան:

Հետաքրքրականն այն է, որ Տեղապահութեան թեկնածու նկատուած Պէքճեան Սրբազան, Արամ Սրբազան ու Մաշալեան Սրբազան Եպիսկոպոսները միաժամանակ Պատրիարքական Աթոռի թեկնածուներ են, իրենց հետ ունենալով չորրորդ մը, որ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Սեպուհ Սրբազանն է:

Կը նշուի, որ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ եւ պատրիարքական թեկնածու Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան այսօր 9 մարտին Պոլիս պիտի ժամանէ, 10 մարտին պիտի այցելէ Շիշլիի գերեզմանատուն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարէ վախճանեալ պատրիարքներու հոգիին համար: