Տեղացիներու կողմէ «Փակ շուկայ» (Քափալը չարշը) անուամբ հիշատակուող, իսկ զբօսաշրջիկներու կոմղմէ «Կրանտ պազար» անուամբ ճանչցուած Պոլսոյ շուկային մէջ այս տարի արդէն փակուեր է շուրջ 600 մասնաւոր խանութ, որոնց շարքին են պայուսակներու, կաշուի եւ ոսկերչական խանութներ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Հիւրիյէթ» թերթը, նշելով, որ Պոլսոյ ամենայայտնի եւ զբօսաշրջիկներու կողմէ ամենաշատ այցելութիւն տրուող շուկայի առեւտրականներն ու արհեստաւորները կանգնած են ֆինանսական մեծ խնդիրներու առաջեւ:
«Փակ շուկայի» տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Ահմետ Քիւոքլեր յայտնած է, որ փակուած խանութներու թիւը մինչեւ տարեվերջ պիտի հասնի 1000-1500-ի:
Կը նշուի, որ շուկայի մէջ աշխատող մասնաւոր խանութներու տէրերը կը բողոքեն տեղի վարձակալութեան չափազանց բարձր գիներէն, որոնք հետեւանք են երկրի մէջ սկսած տնտեսական ճգնաժամին:
Կը նշուի, որ Պոլսոյ «Փակ շուկայ»ին մէջ, ուր կեդրոնացած են քաղաքի ոսկերիչներու եւ արծաթագործներու մեծ մասը, ներկայ դրութեամբ կ'աշխատի շուրջ 2000 հայ ոսկերիչ, իսկ հայերուն պատկանող ոսկերչական ապրանքանիշերու թիւը կ'անցնի հազարը: