image

Պոլսոյ «Կրանտ պազար»ի մէջ գործող 600 խանութ փակուեցաւ

Պոլսոյ «Կրանտ պազար»ի մէջ գործող 600 խանութ փակուեցաւ

Տեղացիներու կողմէ «Փակ շուկայ» (Քափալը չարշը) անուամբ հիշատակուող, իսկ զբօսաշրջիկներու կոմղմէ «Կրանտ պազար» անուամբ ճանչցուած Պոլսոյ շուկային մէջ այս տարի արդէն փակուեր է շուրջ 600 մասնաւոր խանութ, որոնց շարքին են պայուսակներու, կաշուի եւ ոսկերչական խանութներ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Հիւրիյէթ» թերթը, նշելով, որ Պոլսոյ ամենայայտնի եւ զբօսաշրջիկներու կողմէ ամենաշատ այցելութիւն տրուող շուկայի առեւտրականներն ու արհեստաւորները կանգնած են ֆինանսական մեծ խնդիրներու առաջեւ: 

«Փակ շուկայի» տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Ահմետ Քիւոքլեր յայտնած է, որ փակուած խանութներու թիւը մինչեւ տարեվերջ պիտի հասնի 1000-1500-ի: 

Կը նշուի, որ շուկայի մէջ աշխատող մասնաւոր խանութներու տէրերը կը բողոքեն տեղի վարձակալութեան չափազանց բարձր գիներէն, որոնք հետեւանք են երկրի մէջ սկսած տնտեսական ճգնաժամին: 

Կը նշուի, որ Պոլսոյ «Փակ շուկայ»ին մէջ, ուր կեդրոնացած են քաղաքի ոսկերիչներու եւ արծաթագործներու մեծ մասը, ներկայ դրութեամբ կ'աշխատի շուրջ 2000 հայ ոսկերիչ, իսկ հայերուն պատկանող ոսկերչական ապրանքանիշերու թիւը կ'անցնի հազարը: