Պոլսոյ մէջ 12 մայիսին, Կէտիկփաշայի հայաստանեան «Հրանդ Տինք» դպրոցէն ներս տեղի ունեցած է գրական-երաժշտական հանդէս մը, որ հանրութեան ներկայացուած էր «Հրանդ Տինք»ի անուան դպրոցի սաներու կողմէ: Հանդէսը կրած է «Չլռող ղօղանջներ» կարգախօսը եւ նուիրուած էր հայազգի անուանի մեծերու՝ Կոմիտաս վարդապետին եւ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակին:
Հանդիսութեան ներկայ եղած են կաթողիկէ հայ վիճակաւոր Արհի. Լեւոն Արք. Զէքեանը, պատուելի հայր Գրիգոր Աղապալօղլուն, Գերյ.Սարգիսը, Յակովբոս եւ Աբրահամ Ծ. Վարդապետնետրը, ՍԷՎ հիմնարկէն ազգային բարերար Հայկ Ասլանեանը, Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութենէն Օշին Էլակէօզը, վարժարանի բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկ. Յարութիւն- Դալար Հօրօզօղլուն եւ Հրանդ Տինքի այրի՝ Ռաքէլ Տինքը:
Յայտագիրին, բացի ասմունքէն ու երգերէն, ներկայացուած է նաեւ տեսանիւթեր եւ աւարտին հնչած են Կոմիտասի եւ Թումանեանի պատգամները: Միջոցառումէն ետք, վարժարանի ճաշարանին մէջ հիւրերուն համար տեղի ունեցած է նաեւ ճաշկերոյթ: