Երեք ամսուայ մէջ երրորդ հանդիպում: Խօսքն անշուշտ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ դէպի Թուրքիա երէկ սկիզբ առած այցելութեան եւ երկու ղեկավարներուն միջեւ կայացող հանդիպումներու մասին է: Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութեանց հետեւողներուն համար յստակ է, որ քննարկումներու հիմնական առանցքը Սուրիոյ տագնապն է: Աւելին, Ռուսիոյ կողմէ դէպի Անգարա այս մերձեցումն իր մէջ կը պարունակէ ռուսական կողմէն Ուաշինկթընին որոշ «պատգամներ» ուղարկելու միտումը: Բացի անկէ, երկու կողմերը երէկ քննարակած են Սուրիոյ մէջ գրանցուող զարգացումները: Այս ֆոնին Մոսկուայի կողմէ Անգարային կատարուած «թելադրանքներ»ը յստակ են՝ դադրեցնել դէպի Սուրիոյ ահաբեկիչ զինեալներու ներհոսքը, ինչպէս նաեւ դէպի Սուրիա զինամթերքի «ներմուծում»ը: Թէ ինչքանով Անգարա կատարած է այդ «թելադրանքներ»ը, ցարդ յստակ չէ, պարզ է սակայն, որ երկու երկիրները հետամուտ են ամէն գնով պահպանել փոխյարաբերութեանց առընթեր ամիսներ առաջ երեւելի դարձած դրական «տինամիքա»ն: Գալով թրքական կողմին, Մոսկուայի հետ այս մերձեցումը շատ հաւանական է, որ Անգարայի կողմէ, ոպէս «ճնշումի միջոց» օգտագործուի ամերիկացիներուն «դէմ»: Անշուշտ միտում ունենալով վերադասաւորել եւ «փրկել վատթարացած մակարդակի վրայ գտնուող յարաբերութիւնները:
Ի՞նչ հուն կրնան ստանալ երկու երկիրներուն միջեւ «անփոխարինելի» համարուող այս յարաբերութիւնները, ցարդ յստակ չէ, երեւելի է սակայն, որ երկու տէրութեանց ղեկավարները քաջ գիտեն, որ Անգարա-Մոսկուա ճակատին վրայ որեւէ սխալ համակարգում կամ նոր լարում կրնայ դառնալ անսրբագրելի եւ ունենալ ծանր հետեւանքներ իրար այնքան «կարիք» ունեցող երկիրներուն համար:
Ինչ կը վերաբերի սուրիական խնդրին, պէտք է յստակօրէն ընդգծել, որ Պոլսոյ մէջ այս օրերուն ընթացող շփումները կրնան խաղի նոր կանոններ գծել ու այդ խաղի կիրառումը պէտք է ըլլայ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ: Հետեւաբար շատ հաւանական է, որ Սուրիոյ խնդրով Մոսկուա-Անգարա նոր ձեւաչափերու իրականութիւն դառնալը երեւայ յառաջիկայ օրերուն:
Հոս է նաեւ, որ պարզ պիտի դառնայ, թէ Էրտողանի Անգարան ինչքա՞ն ազդու է Հալէպի մէջ ռուսական «լոքոմոթիւ»ի ընթացքը խանգարող «Ալ Նուսրա» ճակատի եւ անոր «եղբայրներու»ն վրայ:
Մոսկուայի ուզածը մէկ բան է. Հալէպի շրջակայքէն ամէն գնով հեռացնել այն ահաբեկիչ զինեալները, որոնք մինչեւ երէկ Անգարայի համար Սուրիոյ մէջ «սրբազան պատերազմ» մղող ընդդիմադիրներ էին: