image

Պէյրութի օդակայանին մէջ խուճա՞պ

Պէյրութի օդակայանին մէջ խուճա՞պ

Լիբանանեան «LBCI» կայանը յայտնած   է, որ երէկ, ուրբաթ օր «Air France» ընկերութեան պատկանող օդանաւը յետմիջօրէի ժամը 04:05-ին Պէյրութի օդակայանէն թռիչք պիտիկատարէր դէպի Փարիզ, սակայն թռիչքէն վայրկեաններ առաջ ուղեւորներուն յայտարարուած է, թէ օդանաւի անսարքութեան պատճառով թռիչքը պիտի ուշանայ, միաժամանակ նշելով, որ տեխնիկական սպասարկման խումբը կ'աշխատի անսարքութիւնը վերացնելու ուղղութեամբ:

Եւս երկու ժամ անց ուղեւորներուն տեղեկացուցած են, որ օդանաւի շարժիչի աշխատանքը խափանուած է, եւ հնարաւոր չէ այն նորոգել:

Աղբիւրը կը պատմէ, թէ լուրը լսելով ուղեւորներն անել կացութեան մատնուած են, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ «Air France» ընկերութիւնը խնդրած է, որ անոնք վերադառնան իրենց տուները, մինչեւ թռիչքի նոր ժամ որոշուիլը: Զայրացած ուղեւորներն սկսած են բարձրաձայն պոռալ ու ընդդիմանակ ստեղծուած խառնակ կացութեան դէմ: