image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութահայ Սեւակ Պապիկեան Stars of science-ի գլխաւոր յաւակնորդ (Տեսանիւթ)

Պէյրութահայ Սեւակ Պապիկեան Stars of science-ի գլխաւոր   յաւակնորդ (Տեսանիւթ)

Լիբանանահայ   Սեւակ Պապիկեան     հասած է    «Սթարզ օֆ սայընս»  միջազգային մրցանքի   վերջին փուլ: Պէյրութահայ երիտասարդը, որ լիբանանեան AUB համալսարանէն  վկայուած  ճարտարաուեստի  ճարտարագէտ է, իր հնարած   եւ 3D ձեւաչափով գործող  տպագրական   գիւտին շնորհիւ   յաջողած է    ուշադրութիւնը գրաւել  Qatar  Foundation-ի  հովանաւորութեամբ  գործող՝ Stars of science միջազգային մակարդակ  ունեցող Reality show-ի դատակազմին:  Պապիկեան  (27 տարեկան) ուրիշ երեք այլ թեկնածուներու կողքին    հասած է եզրափակիչ փուլ եւ անոր ընտրութեան համար  հաշուի կ'առնուին  ընկերային ցանցերու օգտատէրերու   քուէարկութիւնը: Նշենք, որ   այս մրցումի    քուէարկութեան ժամկէտն է 19 նոյեմբերը, որմէ ետք    պիտի յայտարարուին վերջնական  արդիւնքները:



 

Պապիկեան, գլխաւոր մրցանակը շահելու պարագային ոչ միայն պիտի ստանայ  դրամական  պատկառելի պարգեւ, այլ անոր    կատարած  գիւտը, ըստ որոշ մասնագէտներու    պիտի յեղաշրջէ տարբեր ոլորտերու համար  ցարդ օգտագործուող տպագրական   առկայ   մէքանիզմները:

Սեւակին  նեցուկ կանգնելու համար   կրնաք  քուէարկել  այստեղ:  

Ստորեւ կը տեղադրենք  Սեւակ  Պապիկեանի    պատրաստած տպագրական համակարգին մասին պատմող  տեսանիւթը: