Լիբանանահայ Սեւակ Պապիկեան հասած է «Սթարզ օֆ սայընս» միջազգային մրցանքի վերջին փուլ: Պէյրութահայ երիտասարդը, որ լիբանանեան AUB համալսարանէն վկայուած ճարտարաուեստի ճարտարագէտ է, իր հնարած եւ 3D ձեւաչափով գործող տպագրական գիւտին շնորհիւ յաջողած է ուշադրութիւնը գրաւել Qatar Foundation-ի հովանաւորութեամբ գործող՝ Stars of science միջազգային մակարդակ ունեցող Reality show-ի դատակազմին: Պապիկեան (27 տարեկան) ուրիշ երեք այլ թեկնածուներու կողքին հասած է եզրափակիչ փուլ եւ անոր ընտրութեան համար հաշուի կ'առնուին ընկերային ցանցերու օգտատէրերու քուէարկութիւնը: Նշենք, որ այս մրցումի քուէարկութեան ժամկէտն է 19 նոյեմբերը, որմէ ետք պիտի յայտարարուին վերջնական արդիւնքները:
Պապիկեան, գլխաւոր մրցանակը շահելու պարագային ոչ միայն պիտի ստանայ դրամական պատկառելի պարգեւ, այլ անոր կատարած գիւտը, ըստ որոշ մասնագէտներու պիտի յեղաշրջէ տարբեր ոլորտերու համար ցարդ օգտագործուող տպագրական առկայ մէքանիզմները:
Սեւակին նեցուկ կանգնելու համար կրնաք քուէարկել այստեղ:
Ստորեւ կը տեղադրենք Սեւակ Պապիկեանի պատրաստած տպագրական համակարգին մասին պատմող տեսանիւթը: