«Ժողովրդավարական Հանդիպում» խորհրդարանական համախմբումի նախագահ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի թելադրանքով, Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Նոր Հաճըն, ուր տեսակցեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ՝ գլխաւորութեամբ պետական երեսփոխան Պրն. Սեպուհ Գալփաքեանի եւ կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Պրն. Կիրակոս Թիւթիւնճեանի: Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան մամլոյ պատասխանատու Ռամի Ռէյյէս եւ երիտասարդական բաժանմունքի ներկայացուցիչ Սալահ Հատիֆէ Հնչակեան կուսակցութեան ղեկավար կազմին հետ քննարկեցին քաղաքական ներքին զարգացումները, կայունութիւնը պահպանելու միջոցները, հաշտութիւնները քաջալերելու ուղիները, կանխարգիլելու համար քաղաքական կամ լրատուական սրումը: Ժողովականները կարեւորեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը եւ դրուատեցին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի դիրքորոշումները, որոնք կը նպատակադրեն պահպանել երկրի կայունութիւնն ու համագոյակցութիւնը: Ան կոչ ուղղեց ազգային պատասխանատուութեամբ մօտենալու զգայուն հարցերուն: Ռէյյէս տեսակցութենէն ետք կատարած յայտարարութեան մէջ դրուատեց Հնչակեան Կուսակցութեան աշխատանքը եւ լիբանանեան հրապարակին վրայ անոր դերակատարութիւնը: Ժողովականները որոշեցին յաջորդ հանգրուանին շարունակել խորհրդակցութիւնները: