image

Պէյրութ. Ճայերու եւ աղբի տագնապ

Պէյրութ. Ճայերու  եւ աղբի տագնապ

Լիբանանի բնապահպանական շարք մը միութիւններ անցնող օրերուն աղմուկ բարձրացուցած են կապուած Պէյրութի օդակայանի մերձ շրջանին մէջ ընթացող որսին:

 Խնդիրը այն է, որայդ շրջանին մէջ կը գործէ աղբահաւաքման «Գոսթա պրաւա» անունը կրող կայանը, որուն հետեւանքով եւ «Ալ ղատիր» գետի առկայութեամբ շրջանը դարձած է «ապահով» վայր՝ ջրային  ճայերու:

Իր կարգին երկրի օդանաւային ընկերութիւնը քանիցս յայտատարութիւններ կատարելով զգուշացուցած է, որ ճայերու առկայութիւնը կրնայ լուրջ վտանգ հանդիսանալ օդանաւերու աշխատանքին, մտավախութիւններ յայտնելով նաեւ, որ ճայերը կրնան պատճառ հանդիսանալ օդանաւային արկածներու:

Կառավարական մարմիննե, որ ցարդ մշակուած ծրագիր մը չունին «Քոսթա պրաւա» աղբանոցի փակման վերաբերեալ, տարբեր մեթոտներով փորձած են ճայերը շրջանէն հեռացնել, բայց ապարդիւն: Այլ գետնի վրայ աղբակայանի փակումը կը սպառնայ անցեալ տարի երկրին մէջ զգալի դարձած աղբահանման խնդրի նոր տագնապի մը սպառնալով մայրաքաղաք Պէյրութն ու շրջակայ աւանները անգամ մը եւս «խեղդել» աղբերու մէջ:

Այս բոլորէն անդին ուշագրաւ է Մոհամմատ Հութի ըրած յայտարարութիւնը, երբ ան խօսելով այս արտակարգ օրակարգին մասին ու դատապարտելով  ճայերու որսը ըսած է՝ «Մենք երկու ընտրանքներու առջեւ ենք կամ ճայերու որս կը կատարենք եւ կամ օդանաւերու...»

Ամէն պարագայի յառաջիկայ օրերուն աւելի յստակ պիտի դառնայ ճայերու հարցին վերաբերեալ կառավարութեան կողմէ առաջարկուած լուծումը, տրուած ըլլալով նաեւ, որ «անմեղ  թռչուններու» խնդիրէն բաւական  բարդ եւ «թէժ» խնդիր կը համարուի աղբահանման խնդիրը, որուն մասին մինչեւ այս պահը երկրի տեղական մարմիններ լուրջ եւ վերջնական լուծումներ չունին: