image

Պէյրութ. Մրցումի մը աւարտին թրքական դրօշակի երեւումը լարուածութեան պատճառ կը դառնայ

Պէյրութ. Մրցումի  մը աւարտին թրքական դրօշակի երեւումը լարուածութեան պատճառ կը  դառնայ

Օրեր առաջ Պէյրութի մէջ  կայացած պասքէթպոլի խաղի աւարտին Թուրքիոյ դրօշակին ցուցադրութիւնը լարուածութիւն ստեղծած է: Այս մասին կը գրէ «Al Bawaba» կայքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ  լիբանանեան  պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրէն ներս հայկական  ՀՄԸՄ-ի եւ «Ալ Րիատի»ի միջեւ կայացած մրցումի աւարտին «դեղին  խումբ»ի թրիւպիւներուն վրայ երեւցած  են Թուրքիոյ դրօշակներ, բան մը որ լարուած իրավիճակ ստեղծած է լիբանանահայ համակիրներուն մօտ:

 «Րիատի» խումբի վարչութիւնը  դէպքէն անմիջապէս ետք հանդարտութեան կոչ ընելով յայտարարած է, որ եղածը անհատական բնոյթ ունի եւ հայկական ակումբի պատասխանատուներէն պահանջած աւելի խոհեմ ըլլալ եւ լարուածութիւնէ հեռու մնալ:

 Աւելցնենք, որ մրցումէն առաջ ալ «Րիատի» ակումբի կարգ մը համակիրներ ընկերային ցանցերու վրայ անհիմն եւ հայկական խումբի հասցէին վիրաւորական լոզունգներով հանդէս եկած են:

 Այս առաջին անգամը չէ, որ նման դէպքեր կը պատահին Լիբանանի մէջ, ուր    կարգ մը պարագաներու  ծայրայեղական դրսեւորումներ երեւելի կը դառնան:

 


 Աղբիւրը իր հրապարակած նիւթի աւարտին գրած է, որ այսօրուան դրութեամբ Լիբանանի միասնականութեան դէմ երեւելի դարձող հիմնական խնդիրներէն կը համարուին ցեղապաշտական եւ երկրի փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ հատուածապաշտ մօտեցումները եւ կարգ մը պարագաներու նման անարգալից վերաբերմունքի կ'արժանան լիբանանահայերն ու Լիբանան հաստատուած սուրիացի գաղթականները: