«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ Գէորգ Տաղլեանը:
-Վերջերս այցելեցիք Հալէպ. պատերազմէն ի վեր, այս ձեր քանիերո՞րդ այցն էր։
Վերջին երեք տարիներուն այս իմ չորրորդ այցն էր:
-Ինչպէ՞ս գտաք Հալէպը այս շրջանին:
Կրնամ ըսել, որ բաւականին լաւ էր Հալէպը, անշուշտ գաղութի թիւը զգալիօրէն նուազած է, սակայն ժողովուրդը համախմբուած է հայկական կառոյցներուն, եկեղեցիներուն շուրջ։ Միութիւնները բաւական աշխոյժ են, յաջող միջոցառումներ կ'իրականացնեն: Ուրախալի էր տեսնել, որ այս ամբողջ տառապանքէն ետք հալէպահայը տակաւին կառչած մնացած է իր սկզբունքներուն, իր հաւատքին, եւ սուրիական հայրենիքին: Անշուշտ մեծամասնութիւնը նաեւ կը փափաքին հաստատուիլ հայրենիք, սակայն, դժբախտաբար, այսօր Հալէպի մէջ գտնուող հատուածը հիմնականին մէջ նիւթական համեստ պայմաններ ունեցող ընտանիքներն են, որոնք իրենց արդար աշխատանքով հազիւ իրենց օրուան ապրուստը կը փորձեն ապահովել։
-Գիտենք, որ Հալէպի մէջ ռազմական գործողութիւնները բաւական ատենէ ի վեր դադրած են, բայց այսօր եւս կան դժուարութիւններ: Ի՞նչ են հալէպահայը մտահոգող հիմնախնդիրները:
Այո, ճիշդ է, ռազմական գործողութիւնները բաւականին նուազած են, դադրած են, բայց Իտլիպի շրջանին մէջ եղած իրադարձութիւնները տակաւին ազդեցութիւն կ'ունենան, ընդհանուր առմամբ, Սուրիոյ եւ յատկապէս՝ Հալէպ քաղաքին վրայ:
Այսօրուայ դրութեամբ ժողովուրդին ապրած տագնապներէն հիմնականը՝ սուրիական թղթոսկիի հետզհետէ արժէզրկումն է, որ բաւական կը մտահոգէ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ սղութիւնն ու անգործութիւնը: Իսկ վերջին ամիսներուն սրացում ապրած տագնապներէն մէկն ալ վառելանիւթի տագնապն էր, եւ այդ առումով, կառավարութիւնը կանխելու համար վառելանիւթի քաղաքէն դուրս բերուելու դէպքերը, նոր եղանակ որդեգրած է եւ սկսած է քարտերու միջոցաւ եւ սահմանուած չափաքանակով վառելանիւթ տրամադրել քաղաքացիներուն: Այս մէկը հակառակ կառավարութեան համար հարցի լուծում ըլլալուն, սակայն հետզհետէ կը բարդացնէ ժողովուրդի ապրելաձեւը:
-Ընդհանրապէս հալէպահայերու հետ շփումներու ընթացքին ի՞նչ շօշափեցիք, լաւատեսութիւն մը գտա՞ք իրենց մօտ:
Հալէպ իմ այցելութիւններս, դժբախտաբար, միշտ կարճ կ'ըլլան, 24 ժամը չեն անցնիր, եւ ես կը փորձեմ այդ մէկ օրուայ ընթացքին հասցընել տեսնել իմ ծանօթներս, բարեկամներս, գաղափարի ընկերներս: Իմ այս շփումներէս ստացած տպաւորութիւնս այն է, որ հալէպահայերը, բոլորը համոզուած են, որ պատերազմի ծանր հանգրուանը անցած է եւ Սուրիան կամաց-կամաց պիտի վերագտնէ իր նախկին օրերը, եւ իրենք եւս պատրաստակամութիւնը ունին մասնակից դառնալու երկրի վերականգնման աշխատանքին:
Նման իրավիճակ ապրած էր նաեւ լիբանանահայութիւնը, եւ Լիբանանի օրինակը ունենալով, կրնամ ըսել, որ պատերազմական այդ դաժան օրերու տառապանքէն, հայութեան մեծ թիւով գաղթէն ու ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք ալ համայնքին համար, մինչեւ այսօր, ամենադժուարը կը մնայ տնտեսական վիճակը, որովհետեւ երբ երկիրը պարտքի տակ կը մտնէ, ժողովուրդը ծանր օրերու կը մատնուի։ Սակայն, բարեբախտաբար Սուրիոյ պարագային կարելի է աւելի լաւատես ըլլալ, նկատի ունենալով, որ երկրի իշխանութիւնները մինչեւ այսօր կը փորձեն ամէն գնով ապահովել Սուրիոյ ժողովուրդին կարիքները։ Օրինակի համար իշխանութիւնները կը փորձեն նախկին հին ձեւերով՝ կտրոններով (պոն) շաքար, բրինձ, կաթ եւ առաջին անհրաժեշտութեան պէտքեր ապահովել։ Ու հակառակ դժուար վիճակին, տակաւին կը նկատենք, թէ ինչպէս Սուրիոյ մէջ շրջան առ շրջան բարեկարգումներ կը կատարուին ի նպաստ ժողովուրդին:
-Դամասկոսէն Հալէպ եւ Հալէպէն Դամասկոս ճանապարհին որեւէ ապահովական մտավախութիւն կա՞ր:
Դամակոս-Հալէպ ճանապարհին բացարձակ ոչ մէկ ապահովական մտահոգութիւն կար, ընդհակառակը, սուրիական պետութեան զինուորականները ամբողջ շրջանները եւ սահմանները ապահոված են։ Ոչ մէկ բախում տեղի կ'ունենայ, ըլլայ Լիբանանէն՝ Թրիփոլիէն դէպի Հոմս եւ Հալէպ հասնող ճանապարհը, ըլլայ Պէյրութէն՝ Այնճար, Այնճարէն Դամասկոս ճանապարհը, սահմանները բոլորն ալ ապահովական խիստ միջոցառումներու տակ են եւ բոլոր տեսակի փոխադրամիջոցները շատ հանգիստ կերպով Լիբանանէն Սուրիա կ'անցնին:
-Լիբանան-Սուրիա սահմանը ինչպէ՞ս էր, ի՞նչ կրնաք պատմել այդ մասին:
Այստեղ, ես որպէս լիբանանցի, դժբախտաբար, պիտի ըսեմ, որ լիբանանեան սահմանին ապահովական ուժերու կողմէ, միշտ, այսպէս, անկազմակերպ վիճակ կայ եւ անարգալից վերաբերմունք մը կայ, յատկապէս սուրիացի քաղաքացիներուն հանդէպ, սուրիացին լիբանանեան սահմանը հատելու ժամանակ շատ կոշտ վարուելակերպի կ'արժանանայ, անդին սակայն, երբ սուրիական սահմանը կը մտնենք, անմիջապէս նկատելի կը դառնայ կարգապահութիւնն ու տիսիփլինը, եւ հակառակ այն ընդունուած կարծիքին, որ սուրիացի զինուորը խիստ է, լիբանանցիի մը հանդէպ, սակայն իրականութեան մէջ շատ աւելի յարգալից են։ Բացի այդ, տարածքը ընդարձակ է եւ առիթ կու տայ, որ դիւրութեամբ սահմանը անցնիս: Սահամանի խճողուածութեան հարցը նկատելի կը դառնայ յատկապէս շաբաթավերջերուն, երբ առաւօտեան ժամը 5-6-ի մօտերը Լիբանանի սահմանին աներեւակայելի թիւով ներկայութիւն կ'ըլլայ. Լիբանանէն շիիթ համայնքի անդամները Դամասկոս կը մեկնին «Սըթ Զայնապ»ի կամ այլ իսլամական ուխտավայրեր այցելելու, սակայն երբ անոնք կը հասնին սուրիական սահմանի բաժինը, կը տեսնենք, որ շատ կարգաւորուած, աւելի օրինաւոր ձեւով եւ կարճ ժամանակի մէջ կը կազմակերպուի այդ բոլորը:
-Ձեր անձնական տպաւորութիւնները ի՞նչ են, հալէպահայութիւնը պիտի կարենա՞յ շարունակել ապրիլ այդ երկրին մէջ:
Իմ անձնական տպաւորութեամբ, ոչ միայն հալէպահայութիւնը, այլ ամբողջ սուրիահայութիւնը այս դժուար վիճակէն դուրս պիտի գայ, ժամանակաւոր է այս հանգրուանը իրենց համար, որովհետեւ հայ ժողովուրդը եւ սփիւռքահայը միշտ ալ կառչած մնացած է իր կամքին: Հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակ, ուր որ ալ ապրած է, իր կարողութեան առաւելագոյն չափով կրցած է իր ապրած քաղաքին մէջ պահել իր ընտանիքը:
Նաեւ կան ընտանիքներ, սակայն ոչ մեծ թիւով, որոնք Գանատա եւ այլուր հասնելէ ետք, վերադարձած են Հալէպ, որովհետեւ սուրիահայուն համար իր ապրած այդ գեղեցիկ օրերը, գաղութային կեանքը միշտ աւելի գոհունակութիւն պատճառած է: