image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութ. Աղբի Տագնապը Կը Շարունակուի/Սագօ Արեան

Պէյրութ.   Աղբի   Տագնապը  Կը Շարունակուի/Սագօ Արեան
  • Աղբահանութեան Հարցը Կրնայ Տուն Ղրկել Լիբանանի Վարչապետ Թամմամ Սալամը

  Վերջին շաբաթներուն Լիբանան այցելողները նկատած են, որ երկրին մէջ խնդրի վերածուած աղբահանութեան հարցը կրնայ քաղաքական տագնապի վերածուիլ: Մինչ Շաբաթ երեկոյ (22.8.) քաղաքացիական աքթիւիսթներ բողոքի մեծ հաւաք մը կատարեցին Պէյրութի սրտին վրայ գտնուող «Մեծ Սարայլ»ին մօտ (վարչապետարան- Խմբ.՝ Ս. Ա.) անդին այսօր (երկուշաբթի) մայրաքաղաքի բոլոր փողոցներուն մէջ երեւելի պիտի դառնան «աղբաբլրակ»ները: Մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ աղբի հիմնահարցը օրակարգ նիւթ դարձաւ, երբ յատկապէս փակուեցաւ «Ալ Նահմէ» շրջանին մէջ եղող աղբանոցը: Շրջանի քաղաքացիներ , որոնք ամիսեր տեւած իրենց բողոքի գիրերէն եւ յայտարարութւնններէն ետք փողոց իջան եւ յայտարարեցին, թէ յետ այսու ինչ ալ ըլլան պայմանները, իրենք արգելք պիտի հանդիսանան մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներէ մեծ ծաւալներով աղբի կուտակման: Նշեմ, որ Լիբանանի աղբահանութեան հիմնական «Սուքլին» ընկերութեան պայմանագրին աւարտը եւս տագնապը աւելիով սրեց: Վերջին շուրջ 20 տարիներուն վերոնշեալ ընկերութիւնը անխափան կերպով կ'իրականացնէր Պէյրութի եւ շրջակայից արուարձաններու աղբահանութիւնը: Այս ընկերութեան հովանիով նաեւ կը գործէին հաւաքուած աղբը վերամշակելու գործարաններ սակայն տարիներու ընթացքին Պէյրութի բնակչութեան աճին հետ կուտակուած աղբը կը շատնար եւ խնդիրը կը վերածուէր տագնապի: Աղբի վերամշակումը բաւարար կերպով չէր կատարուէր եւ այդ պատճառով Սայտայի եւ Պուրճ Համուտի (որոնք յետագային երկուքն ալ ժողովրդային բողոքի ալիքներուն առջեւ տեղի տալով փակուեցան) կը դառնային արդէն անօգտագործելի աղբաթափման կեդրոններ: Այսպիսով կը մնար միայն «Նահմէ» շրջանի աղբաթափման կեդրոնը եւ անոր փակումով երկրին մէջ ծայր կ'առնէր աղբի համընդհանուր խնդիր մը, որ մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը կը շարունակէ մնալ ընկերային ծանրագոյն տագնապ:

 

 

  •  Աղբի Հարցը Փողոց Իջեցուց Քաղաքացիական Շարժումները

 Այս ընդհանուր ֆոնին վրայ երկրին մէջ գլուխ կը ցցէին քաղաքացիական մէկէ աւելի շարժումներ, որոնց անդամները տարբեր առիթներով նախօրօք բողոքի տասնեակ հաւաքներ կատարած էին: Այդ բողոքի հաւաքները կապ ունէին երկրին մէջ յարանուանական քաղաքական ընթացակարգի ջնջումի պահանջին, խորհրդրարանական ընտրութիւններու կազմակերպման , ուսուցիչներու ամսականներու յաւելման եւ նոր նախագահի ընտրութեան պահանջներուն հետ: Բայց քանի, որ աղբի խնդիրը կը յուզէր երկրի բոլոր խաւերը այդ աքթիւիսթներու թիւը կը մեծնար եւ անոնք կը յաջողէին աւելի մեծ թիւով համակիրներ հաւաքել: Երկրին մէջ խմորուող այս շարժումները մինչեւ այս պահը երեւելի արդիւնքներ չեն գրանցած սակայն անոնց աշխուժացումը կրնայ երկրին մէջ նոր հանգրուանի մը դուռը բանալ: Այս ընդհանուր պատկերին մէջ քաղաքական գլխաւոր ուժերը եւս կը փորձեն իրենց համար կարեւոր միաւորներ քաղել: Երեւելի ճիգեր կան տարիներու վրայ կուտակուած սխալները եւ աղբի ամբողջ տագնապը բեռցնել Սիւննի մեծագոյն հատուածը ներկայացնղ ուժին ՝ «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքին ուսերուն , որոնց ղեկավար մարմիններուն վստահելի գործակիցն է Մայսարա Սըքքար անունով յայտնի գործարարը որ «Սուքլին» ընկերութեան տնօրէնն է: Քննադատութիւններէն զերծ չեն նաեւ միւս բոլոր քաղաքական ուժերը՝ «Հըզպալլա»ն «Ամալ»ը եւ «Յառաջդիմական» կուսակցութիւնը, որոնք այս կամ այն ձեւով լուռ վկայի դերով հանդէս գալով թոյլ տուած են, որ «Սուքլին» դառնայ Լիբանանի աղբահան «թագաւոր» ընկերութիւնը:

 Նկատառելի է նաեւ, որ քրիստոնէական քաղաքական ուժերը, որոնք նախապայման կամ օրակարգ թելադրելու ուժ չունին այս իրավիճակին դիմաց անզօր են եւ կը գոհանան սոսկ դատապարտումի յայտարարութիւններով:

 Քաղաքացիական աքթիւիսթները այս իրավիճակէն օգտուելով է նաեւ, որ կը փորձեն բոլոր օրակարագերը միախառնել եւ այս կառավարութեան եւ իր պաշատօնավարութիւնը երկարաձգած խորհրդարանին տուն երթալը պահանջել:

 

 

 

 

  • Պուրճ Համուտի Աղբանոցի Խնդիրը

 

 Պէյրութի սրտին մօտ եղող հայկական աւանը՝ Պուրճ Համուտը անմասն չէ մնացած է աղբի խնդրէն: Պուրճ Համուտի ծովեզերքին մօտ եղող աղբաթափման կեդրոնը շուրջ 20 տարի պատուհաս հանդիսացած է շրջանի բնակիչներուն համար: 1997 -ին շրջանի հայկական մարմիններուն եւ յատկապէս Հ.Յ.Դ.-ի բողոքի ցոյցերով այդ կայանը կը փակուէր: Աղբաթափման կայանը ներկայիս կը գրաւէ Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջանի 700 մեթր երկարութիւն եւ անոր լայնքը կը հասնի 500 մեթրի : Աղբաթափման այս կեդրոնը փակուած է աւազով եւ վերածուած է յիսուն 50 մեթր բարձրութիւն ունեցող բլրակի մը: Ժամանակ առ ժամանակ այդ աղբանոցին գարշահոտը կը լեցընէ ամբողջ շրջանը եւ ստեղծէ տհաճ ու ծանր մթնոլորտ մը: Երբ աղբի տագնապը երեւելի դարձաւ քիչ չեղան այն բանբերները որոնք խօսեցան Պուրճ Համուտի աղբանոցի վերաբացման մասին: Ու այս առիթով էր նաեւ, որ Լիբանանեան խորհրդարանի Դաշնակցական անդամ ՝Յակոբ Բագրատունի տեղական տարբեր թերթերու խօսելով ըսաւ, թէ շրջանի բնակչութեան համար այդ աղբանոցին վերաբացումը անընդունելի ու կարմիր գիծ կը համարուի: Ասոր կողքին շրջանի քաղաքապետութիւնը ծրագիր պատրաստեց , որուն նպատակն էր վերջնականապէս լուծել աղբաթափման կայանին հարցը, որ սակայն մինչեւ այս պահը կը սպասէ կառավարութեան պատասխանին: Նոյն ծիրին մէջ հայ պատասխանատուներ այցելեցին Սայտայի շրջանի նախկին աղբանոց եղած վայրը, որ ներկայիս դարձած է ցանքի բոլոր արդիական պայմանները լրացնող հողաշերտ մը եւ կը գործէ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքոյ:

  • Կառավարութիւնը Վտանգուա՞ծ

 

 Աղբի խնդիրը այսօր Լիբանանի համար դարձած է լարուած ուժանակ մը: Այս ուժանակը որեւէ պահու կրնայ պայթիլ եւ պատճառ դառնալ քաղաքացիական սուր տագնապի մը, որուն հետեւանքով երկրի Սիւննի մեծամասնութեան ներկայացուցիչ վարչապետ՝ Թամմամ Սալամ կրնայ ստիպուիլ հրաժարական տալ, առանց անոր ալ քաղաքական լարուած իրավիճակի մէջ եղող երկիրը տանելով ծայրը չերեւցող նոր սրացումներու: «Հըզպալլա», որ երկրի քաղաքական կեանքին կարեւորագոյն երկրորդ օղակն է ցարդ նստած կը դիտէ եղածները: Երեւելի է նաեւ, որ այս խնդրին համար լուծում մը բերելու ուժ ունեցող միակ հաւաստի կողմը առայժմ Սիւննի «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքն է, որուն առաջարկներուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ լուծումներու նոր հանգրուան մը թեւակոխել: Քաղաքական կողմերը սակայն, կը մոռնան կարեւոր մէկ բան: Անոնք կը մոռնան, որ համաժողովրդային պոռթկումի ալիքը կրնայ անդրանցնիլ բոլոր արգելքները: Անոնք նոյնպէս կ'անտեսեն երկրի առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆահուրի ըրած յայտարարութիւնները այն մասին, որ եթէ աղբի խնդիրը միանագամընդմիշտ չլուծուի ապա կրնայ թունաւորել երկիրը, երկրի սնունդը, օդը եւ ջուրը:

 

Բացորոշ է , որ երկրին ապրած կենսալորտային այս տագնապը աւելի վտանգաւոր հանագանմանքներ ունի քան քաղաքական պարանաձգութիւնը կամ նախագահ ընտրել չընտրելու խնդիրը:

 Ինչ խօսք, որ աղբանահանութեան խնդրին տակ նիւթական կարեւոր գործառքներ կան եւ գուցէ այդ «կարկանդակին» բաժանման անկարելիութիւնը նաեւ այս խնդիրը համընդահնուր տագնապ մը դարձուց:

 

 Սագօ Արեան

 «Ժամանակ»