Հալէպի մէջ եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով օրեր առաջ զոհուած Նուարդ Ֆուրունճեան- Ասատուրեանի մարմինը յանձնուած է հողին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուած է երէկ՝ 19 մարտ 2016-ի յետմիջօրէին, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Միտան), որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը ամփոփուած է Հալապ Ժըտիտէ շրջանի «Տէյր Քարմէլ» վանքին կից եղող գերեզմանատան մէջ: Նուարդ Ֆուռունճեան-Ասատուրեան ծնած էր 1955-ին Գամիշլիի մէջ: