image

Օրեր առաջ Հալէպի մէջ զոհուած Նուարդ Ասատուրեանը յանձնուած է հողին

Օրեր առաջ  Հալէպի  մէջ զոհուած  Նուարդ  Ասատուրեանը  յանձնուած է հողին

Հալէպի մէջ  եղած  հրթիռարձակումներուն հետեւանքով օրեր առաջ զոհուած   Նուարդ   Ֆուրունճեան- Ասատուրեանի մարմինը   յանձնուած է հողին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Կը նշուի նաեւ, որ    հանգուցեալին յուղարկաւորութեան   արարողութիւնը  կատարուած է    երէկ՝    19 մարտ  2016-ի   յետմիջօրէին, Հալէպի Ս.  Գրիգոր  Լուսաւորիչ  եկեղեցւոյ մէջ (Միտան), որմէ ետք  հանգուցեալին մարմինը   ամփոփուած   է Հալապ Ժըտիտէ շրջանի  «Տէյր Քարմէլ» վանքին  կից եղող   գերեզմանատան մէջ:   Նուարդ Ֆուռունճեան-Ասատուրեան  ծնած էր   1955-ին  Գամիշլիի մէջ: