image

Օպամայի Սուրիոյ բանակը թիրախ դարձնելու մասին խօսքերը «հոգեբանական պատերազմ»ին մաս կը կազմեն

Օպամայի Սուրիոյ բանակը թիրախ դարձնելու մասին խօսքերը «հոգեբանական պատերազմ»ին մաս կը կազմեն

ԱՄՆ Նախագահ Պարաք Օպամա մտադիր է արդիական զէնքեր տրամադրել Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն: ԱՄՆ նախագահն այս մասին խօսած է նկատել տալով, որ Սուրիոյ տագնապի զարգացումները կը շարունակեն մնալ իր վարչախումբի գլխաւոր պատասխանատուներու սեղանին: Ըստ CNBC կայանին,  Ամերիկայի նախագահը, նոյնպէս խօսք ըրած է Սուրիոյ բանակի հիմնական դիրքերը օդային յարձակումներու հաւանական թիրախ դարձնելուն մասին: Մէկէ աւելի փորձագէտներ, որոնք կը հետեւին Սուրիոյ զարգացումներուն, կասկածներ յայտնած են Ամերիկայի ուղղակի միջամտութեան մասին: Միւս կողմէ, Ամերիկայի զինուորական մարմիններ յայտարարած են, թէ իրենք մտադիր են հակաթանկային արդիական հրթիռներ տալ Հալէպի արեւելեան հատուածներուն մէջ եղած ընդդիմադիրներուն, նշելով նաեւ, որ այդ զէնքերուն մէջ հակօդային զէնքեր չկան: Այս բոլորէն անդին պէտք է հասկնալ, որ ԱՄՆ-ի համար ներկայ հանգրուանին հիմնականը Սուրիոյ բանակի յառաջխաղացքը կասեցնելն է եւ անոնց ծրագիրներուն մէջ ռուսական օդուժը թիրախաւորելու հարցը գոյութիւն չունի: Իսկ Սուրիոյ բանակի  կարեւորագոյն  դիրքերը  թիրախը դարձնելու մասին խօսքերը շրջանառութեան մէջ կը դրուին «հոգեբանական պատերազմ»ի պայմաններուն յագուրդ տալու համար: