Հալէպի մէջ այսօր եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով հայորդի մը վիրաւորուած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, թէ Նոր Գիւղի մէջ վիրաւորուողը կը կոչուի Գարլոս Ֆերմանեան (1997-ի ծնունդ): Գարլոսի կողքին վիրաւորուած է անոր մայրը՝ Նաուալ Ապտոն: Յիշեցնենք, որ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Հալէպի տարբեր շրջաններու կողքին հայկական թաղամասերը եւս կ'ենթարկուին հրթիռարձակումներու: