image

Նախնական տուեալներով Արայիկ Յարութիւնեան առաջատար

Նախնական տուեալներով Արայիկ Յարութիւնեան առաջատար

Այս պահի դրութեամբ Արցախի մէջ մշակուած քուէաթերթիկներու արդիւնքներով Արայիկ Յարութիւնեանն առաջատարն է, ան ստացած է  33 000  ձայն: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար, Արցախի նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեանի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը՝ ներկայացնելով Արցախի նախագահի ընտրութեան նախնական ցուցանիշները:

«60 հազարէն աւելի քուէաթերթիկ մշակուած է, անոնցմէ  33 000 ձայն ստացած է  Արայիկ Յարութիւնեանը: Դեռ 15 000 քուէաթերթիկ պէտք է մշակուի, որպէսզի ընտրութիւններն առաջին փուլով աւարտին: Այս 15 000-էն  մեզի 5 000 ձայն պէտք է»,- նշած է Պօղոսեանը:

Անոր խօսքով՝ երկրորդ տեղը Մասիս Մայիլեանն է, ան ստացած է  16 300 ձայն, երրորդ տեղը  Վիթալի Բալասանեանն է, ան ստացած է 8 600 ձայն»,- ըսած է ան: