image

Նախարար Միշէլ Ֆարոնի այցը Հայաստան (Լուսանկարներ)

Նախարար  Միշէլ Ֆարոնի   այցը  Հայաստան (Լուսանկարներ)

Երէկ, Հինգշաբթի, Լիբանանի Պետական Ծրագրաւորման Նախարար Միշէլ Ֆարոն ՀՀ Տնտեսական Զարգացման եւ Ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի հրաւէրով պաշտօնական այցով ժամանած է Երեւան:

Նախարարը «Զուարթնոց» օդակայանէն դիմաւորելու ժամանած էին Տնտեսական Զարգացման եւ Ներդրումներու նախարարի տեղակալը, Հայաստանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ժան Մաքարոն, եւ շարք մը այլ պետական գործիչներ: Լիբանանեան պատուիրակութեան կազմը կ'ընդգրկէր լիբանանցի առեւտրականներ:

Նախարար Ֆարոն նախ տեսակցեցաւ ՀՀ Տնտեսական Զարգացման եւ Ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի հետ, որմէ ետք նախարարները հանդիպում ունեցան նախարարութեան տարբեր բնագաւառներու մասնագէտներու եւ պատասխանատուներու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու առիթներն ու սոյն փորձը Լիբանանի տնտեսական բնագաւառի տարբեր մարմիններուն փոխանցելու հնարաւորութիւնները:

Հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Եւրասիական շուկային մէջ նշեալ ներդրումները պահպանելու առումով Հայաստանի ունեցած ներուժին, ինչպէս նաեւ արծարծուեցաւ Հայաստան-Իրան սահմանի տարբեր շրջաններուն մէջ առեւտուրի ազատ գօտի ստեղծելու հարցին, որ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ ներդրումներ կատարողներուն՝ նոր ու խոշոր շուկաներ հասնելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցի առեւտրականներուն առիթ պիտի տայ առեւտրական գործունէութեան մէջ անհրաժեշտ փորձն ու ճկունութիւնը ձեռք բերելու:

Այցելութեան ընձեռած առիթէն օգտուելով կնքուեցան շարք մը ընդհանուր եւ բարեկամական համաձայնագրեր, որոնք հիմնաքար պիտի հանդիսանան տարբեր բնագաւառներու մէջ զոյգ երկիրներու եւ ժողովուրդներու յարաբերութեանց ամրապնդման:

Նախարար Միշէլ Ֆարոն Հայաստան կատարած իր այցի ընթացքին առիթ ունեցաւ նաեւ այցելելու Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանը, ուր ծանօթացաւ մեր ազգային ու նաեւ շարք մը հնագոյն քաղաքակրթութիւններու պատկանող մեծ թիւով ձեռագրային գանձերուն:

Այնուհետեւ լիբանանցի նախարարը հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ, որուն ընթացքին նախարարները քննարկեցին զոյգ երկիրներու ժողովուրդները յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներու դէպի Լիբանան եւ Հայաստան հոսքին հետեւանքով երկու երկիրներուն կրած տնտեսական ծանրաբեռնուածութեան:

Նախարարներն իրենց հանդիպման ժամանակ անդրադարձան նաեւ լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան ու փոխադարձ յարգանքին, որուն շնորհիւ, ըստ նախարար Ֆաոնի, Հայաստան հանդիսացած է այն վայրը, ուր կը բութան լիբանանցի առեւտրականներն ու ներդրումներ կատարողները՝ անկէ մուտք գործելու հիւսիս-արեւելեան Եւրոպա եւ Միջին Ասիա, նկատի ունենալով մանաւանդ, որ լիբանանահայ գաղութը Լիբանանի տնտեսական, գիտական եւ հասարակական կեանքի ողնաշարը կը համարուին: