image

Նախարար Միշէլ Ֆարաոնի Հայաստան այցելութիւնը

Նախարար Միշէլ Ֆարաոնի Հայաստան  այցելութիւնը
  • Նախագահ Սերժ Սարգսեան  երէկ  ընդունեց   Լիբանանի Հանրապետութեան   ծրագրաւորման հարցերով պետական նախարար Միշէլ Փիեռ Ֆարաոնը:

 ՀՀ Նախագահը ողջունած է հիւրն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ: Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի նշանակալի իրադարձութիւնը Նախագահ Սարգսեան եւս մէկ լաւ առիթ համարած է արժեւորելու եւ բարձր գնահատելու երկու երկիրներու ժողովուրդներու աւանդական ջերմ կապերն ու պետութիւններու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները: Հանդիպման ժամանակ Նախագահը ջերմութեամբ յիշած է 2012 թուականի Նոյեմբերին իր պետական այցը բարեկամ Լիբանան եւ պետնախարարին խնդրած է Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունին փոխանցել իր ջերմ ողջոյններն ու Հայաստան այցելելու հրաւէրը:

Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ պետնախարար Միշէլ Փիեռ Ֆարաոնի այցն ու այդ ծիրին մէջ տեղի ունեցող հանդիպումներն ու քննարկումներն իրենց հերթին աշխուժութիւն պիտի հաղորդեն հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններուն, որոնց շարունակական ամրապնդումը կը բխի երկու ժողովուրդներու շահերէն:

Հանդիպման ժամանակ Հանրապետութեան Նախագահը Լիբանանի Հանրապետութեան ծրագրաւորման հարցերու պետական նախարար Միշէլ Փիեռ Ֆարաոնը պարգեւատրած է Բարեկամութեան շքանշանով՝ հայ-լիբանանեան տնտեսական կապերու զարգացման, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:

Լիբանանի պետնախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Նախագահ Սերժ Սարգսեանին զինք պետական բարձր պարգեւի արժանացնելու համար եւ գոհունակութեամբ խօսած Հայաստանի մէջ ունեցած հանդիպումներուն ու քննարկումներուն մասին: Ան նշած է, որ այցի օրերուն հնարաւորութիւն ունեցած է ծանօթանալու Հայաստանի տնտեսական հնարաւորութիւններուն, ուսումնասիրելու ներդրումային միջավայրը, որմէ տպաւորուած է եւ կը կարծէ, որ բաւական լաւ պայմաններ ստեղծուած են ներդրումներու ներգրաւման համար:

Զրուցակիցները երկուստէք կարեւորած են Լիբանանի հայ համայնքին դերը միջպետական կապերու եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման տեսանկիւնէ:

Հանդիպման ընթացքին երկկողմ օրակարգի հարցերու քննարկումէն բացի, անդրադարձ եղած է նաեւ բազմակողմ ձեւաչափով հայ-լիբանանեան համագործակցութեան:

 

Քննարկուած են հայ-լիբանանեան տնտեսական կապերու զարգացման ուղղուած շարք մը հարցեր

 

 

 

 


 

 

  • Հանդիպում ՀՀ Վարչապետ Կարէն  Կարապետեանին հետ 

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Լիբանանի Հանրապետութեան ծրագրաւորման հարցերու պետական նախարար Միշէլ Փիեռ Ֆարաոնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: 
Ողջունելով հիւրերը՝ վարչապետը յոյս յայտնած է, որ պարոն Ֆարոնի այցը Հայաստան նոր թափ պիտի հաղորդէ հայ-լիբանանեան խոր արմատներ ունեցող յարաբերութիւններուն, առեւտուրի կապերու զարգացման, առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճին: Նշելով, որ ներկայիս ՀՀ-ի մէջ կը գործէ լիբանանեան դրամագլուխով 211 ընկերութիւն՝ Կարէն Կարապետեան համոզմունք յայտնած է, որ առկայ է տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացման մեծ ներուժ, Հայաստան կրնայ հետաքրքրական ըլլալ լիբանանեան առեւտուրին ոչ միայն իր, այլ նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ու իրանական շուկայ մուտք գործելու տեսանկիւնէն: Այդ առումով, վարչապետն անդրադարձած է ԵԱՏՄ շուկայի առաւելութիւններուն, Իրանի հետ սահմանին Ազատ տնտեսական գօտիի հնարաւորութիւններուն: Կարէն Կարապետեանին խօսքով, Հայաստանի ու Լիբանանի համագործակցութեան ոլորտները կրնան բազմաթիւ ըլլալ՝ առողջապահութիւն, դեղագործութիւն, հանքարդիւնաբերութիւն, վերականգնուող ուժանիւթ, ենթակառուցուածքներ եւ այլն: Գործադիրի ղեկավարը կարեւորած է հայ-լիբանանեան միջկառավարական յանձնաժողովի աշխոյժ գործունէութիւնը՝ երկկողմ համագործակցութիւնն ալ աւելի ամրապնդելու եւ համապատկերին մէջ: Կարէն Կարապետեան խնդրած է նաեւ իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիին: 
Լիբանանի Հանրապետութեան ծրագրաւորման հարցերու պետական նախարարը կարեւորած է նաեւ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերու խթանումը եւ աւելցուցած, որ տպաւորուած է Հայաստանի մէջ գործարար միջավայրի բարելաւման ու արտաքին ներդրողներու համար բարենպաստ պայմաններու տրամադրման ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան կատարած քայլերով: Միշէլ Ֆարաոն ընդգծած է, որ այդ բոլորը պիտի ներկայացուին լիբանանեան գործարար հատուածին, որ շահագրգռուած է Հայաստանի միջոցով ԵԱՏՄ եւ Իրանի շուկայ մուտք գործելու հարցին մէջ: Ան տեղեկացուցած է, որ հայաստանեան գործընկերներուն հետ արդէն իսկ կը քննարկուի լիբանանեան դրամագլուխով Հայաստանի մէջ երկու ներդրումային ծրագիրի իրականացման հարցը, որոնք ուղղուած են առողջապահութեան ոլորտին եւ կենցաղային իրերու արտադրութեան գործարանի հիմնման: 
Վարչապետ Կարապետեան ողջունած է ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը, նշած, որ առողջապահութեան ոլորտին մէջ կառավարութիւնը կ'իրականացնէ համարձակ ու տրամաբանական բարեփոխումներ: Վարչապետին խօսքով, կառավարութիւնը շահագրգռուած է ոչ միայն լիբանանեան դրամագլուխի, այլ նաեւ առեւտուրի մշակոյթի մուտքով Հայաստան: 

 

 

 


  • Նախարար Ֆարաոնի այցը Մայր Աթոռ  Սուրբ Էջմիածին

Ապրիլի 28-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ներս ընդունեց ՀՀ պաշտօնական այցով ժամանած Լիբանանի Հանրապետութեան ծրագրաւորման հարցերու պետական նախարար Միշէլ Ֆարաոնը` ուղեկցութեամբ ՀՀ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանին:

Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ողջունեց երկու ժողովուրդներու բարեկամական կապերու զորացման ուղղուած քայլերն ու համատեղ իրականացուող ծրագիրները: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն իր խօսքին մէջ նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն, որոնք մէկ դար առաջ ապաստան  տուած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն եւ այսօր ալ սէր ու հոգատար վերաբերմունք կը դրսեւորեն հայ համայնքին նկատմամբ` հնարաւորութիւն ընձեռնելով ապրիլ ազգային-եկեղեցական լիարժէք կեանքով:

Նախարար Ֆարաոն իր հերթին ուրախութիւն յայտնեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին այցելելու առիթով, ընդգծելով, որ քաջ ծանօթ է հայ ժողովուրդի պատմութեան, կրած տառապանքներուն եւ Լիբանանի եղբայրներուն հետ կը կիսէ հայ ժողովուրդին զգացումները: Նախարարը կարեւորեց նաեւ լիբանանահայ համայնքի դերակատարութիւնը տարբեր բնագաւառներու մէջ: Պրն. Ֆարոնին խօսքով, Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներն ու իսլամները համերաշխ կ'ապրին, եւ հակառակ անոր, որ  երբեմն  առկայ զանազան մարտահրաւէրներ կը վտանգեն խաղաղ կեանքը, Լիբանան կրօնական հանդուրժողականութեան, համերաշխութեան վրայ հիմնուած երկիր է:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի ծանր իրավիճակին, տարբեր ժողովուրդներու, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Իր մտահոգութիւնն արտայայտելով այս առթիւ` Վեհափառ Հայրապետը նշեց. «Մենք մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ Տէրը խաղաղութիւն բերէ Միջին Արեւելքի երկիրներուն: Մեր աղօթքը կը բերենք նաեւ ձեզի, Լիբանանի աստուածասէր ժողովրդին` հայցելով Տիրոջ զօրակցութիւնն ու առատ շնորհները»: