Եգիպտոսի իշխանազուրկ եղած ու ապա բանտարկուած նախագահ՝ Մոհամմատ Մուրսիի տղան՝ Ապտալլահ դիմատետրի իր էջին հրապարակած գրառումին մէջ նշած էր, թէ «Նախագահի այցելութիւնը արգիլելու ողբերգութիւնը կը շարունակուի»: Ըստ «Ալ քուտս» կայքին, Մուրսի, 3 յուլիս, 2013-ի յեղաշրջումէն ետք անհետացած էր, մինչեւ 2014-ի սկիզբը: Ան կը դատուի 5 ոճրարարքներու համար: Մուրսի, որ նոյն առումով մահապատիժ ստացած էր, իր պաշտպանական դատական մարմնին ճիգերով յաջողեցաւ ազատիլ այդ պատիժէն:
«Իսլամ եղբայրներ» արգիլուած շարժումի անդամ Մուրսի, իր ընտանիքին հետ կը պնդէ, թէ տակաւին երկրի նախագահն է եւ ըստ սահմանդրութեան, սովորական դատարանները իրաւասութիւն չունին զինք հարցաքննելու: