image
Հրատապ լուրեր:

Մուրսիին հանդիպելու արգելքները չեն վերացած

Մուրսիին հանդիպելու արգելքները չեն վերացած

Եգիպտոսի  իշխանազուրկ  եղած  ու ապա բանտարկուած   նախագահ՝ Մոհամմատ Մուրսիի տղան՝ Ապտալլահ դիմատետրի իր էջին հրապարակած գրառումին մէջ նշած էր, թէ «Նախագահի այցելութիւնը արգիլելու ողբերգութիւնը կը շարունակուի»: Ըստ «Ալ քուտս» կայքին, Մուրսի, 3 յուլիս, 2013-ի յեղաշրջումէն ետք անհետացած էր, մինչեւ 2014-ի սկիզբը: Ան կը դատուի 5 ոճրարարքներու համար: Մուրսի,   որ  նոյն առումով   մահապատիժ  ստացած էր, իր պաշտպանական դատական մարմնին ճիգերով յաջողեցաւ ազատիլ այդ պատիժէն:  

«Իսլամ եղբայրներ» արգիլուած շարժումի անդամ Մուրսի, իր ընտանիքին հետ կը պնդէ, թէ տակաւին երկրի նախագահն է եւ ըստ սահմանդրութեան, սովորական դատարանները իրաւասութիւն չունին զինք հարցաքննելու: