image

Ծառուկեան պատրաստ է հանդիպելու Փաշինեանին

Ծառուկեան պատրաստ է հանդիպելու Փաշինեանին

ԲՀԿ նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ասուլիս տուած է մի քանի լրատուամիջոցներու՝ «Հրապարակ», «Ժողովուրդ», «168 ժամ», Tert.am եւ «Կեդրոն» հեռուստաընկերութիւն։

Ծառուկեանն անդրադարձած է ներքաղաքական լարուած իրավիճակին, վերջին իրադարձութիւններուն, խօսած է նախագահի հրաւէրի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հաւանական հանդիպման մասին։ Ան կրկնած է, որ լուծումը վարչապետի հրաժարականն է եւ արտահերթ խորհդրարանական ընտրութիւններու երթալը, իր մօտ ոչ մէկ բան փոխուած է, ինքը ինչ ըսած է՝ կը պնդէ։

Hraparak.am-հարցին․ ինչպէ՞ս կը վերաբերի նախագահ Արմէն Սարգսեանի առաջարկին, որ ընդդիմադիր ուժերն ու Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպեն նախագահականէն ներս եւ գտնեն լուծումներ ստեղծուած իրավիճակին, Ծառուկեանն ըսած է, որ իր տեսակէտը նոյնն է, ինչ երէկ յայտարարած է Հայրենիքի փրկութեան շարժման անդամ Իշխան Սաղաթէլեանը՝ հանդիպման կը համաձայնին, եթէ այն կայանայ իրենց օրակարգով, Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ եւ ուղիղ հեռարձակմամբ, քանզի իրենք հանրութենէն թաքցնելու բան չունին։

Իսկ ուղիղ եթերի իմաստն այն է, որ չըսեն՝ թաքուն կը բանակցին։ «Նախագահը հրաւէրն ուղարկել է մեզ, բայց տուեալ հրաւէրի մէջ ծրագրային պարզաբանում, թէ ինչի մասին պէտք է խօսենք, չկայ․․․Եթէ հարցադրումները կը դնի, կէտերը կը դնի, ծրագիրը, որ այս հարցն է, այս հարցն է, կը հանդիպենք, կը քննարկենք՝ կ'ասենք․․․ հենց այնպէս քննարկելու, խօսելու համար ես հարկ չեմ համարում»,-ըսած է Ծառուկեանը։

Ինչ կը վերաբերի իր եւ Նիկոլ Փաշինեանի առանձին հանդիպման, թէ պիտի կայանա՞յ, ի վերջոյ, երկկողմ հանդիպում, Ծառուկեանն ըսած է․ «Ի հարկէ, լինելու է, քանի որ Հայրենիքի փրկութեան շարժման մեր գործընկերների հետ հանդիպել ենք, այդ թեման ասել ենք, որոշողը ես եմ, ես ասել եմ՝ հանդիպելու եմ։ Ինձ թուում է, շուտով հանդիպումը կը լինի եւ բոլորդ էլ տեղեակ կը լինէք, ոչ թէ պատերի տակի խօսակցութիւններով, թէ հանդիպել են, էս- էն արել։ Էս վիճակից դուրս գալու համար անհրաժեշտ է քայլ կատարել, վայրկեան շուտ հանգուցալուծել, որ էս խնդիրները կարգաւորենք»։ Իսկ օրակարգը հանդիպման նոյնն է․«Իմ տեսակէտները չեն փոխուել, վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ, եւ պէտք է շուտափոյթ տեղի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Մնացածը՝ կը հանդիպենք Փաշինեանի հետ, ինքն էլ իր տեսակէտը կ'ասի»,-ըսած է Ծառուկեանը։