Տումայի խորհուրդի պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Շամանով յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական գործողութիւններն իրենց գլխաւոր առաքելութիւնը կատարեցին, եւ մինչեւ տարեվերջ, Սուրիոյ բանակն իր տիրապետութեան տակ պիտի առնէ երկրի արեւելեան սահմանները: Այս մասին կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Աստանայի մէջ տուած հարցազրոյցի ժամանակ Շամանով նշած է, որ ընդհանուր առմամբ կարելի է յայտնել, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմական գործողութիւնն իր գլխաւոր նպատակն իրականացուց, եւ մինչեւ տարեվերջ Սուրիոյ բանակն իր իշխանութիւնը պիտի վերահաստատէ երկրի արեւելեան սահմաններուն վրայ, իսկ «Իսլամական Պետութիւն»ը պիտի վերանայ:
Ռուս զօրավարին փոխանցմամբ, 2015-ին մեկնարկած ռուսական ռազմական գործողութիւններէն ետք աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացիներ իրենց տուները վերադարձած են: