Մեծ պայթում մը ցնցած է Թուրքիոյ Էլազըղ քաղաքը: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նոյնպէս կը գրեն, որ պայթումին հետեւանքով ցնցուած է քաղաքի կեդրոնական մասը: Նշենք, որ պայթումը եղած է քաղաքի ոստիկանութեան կեդրոնին մօտ եւ ըստ նախնական աղբիւրներու, կան մարդկային կորուստներ: Յիշեցնենք, որ անցնող 24 ժամերուն ընթացքին այս երրորդ պայթումն է, որ կ'արձանագրուի Թուրքիոյ մէջ: Առաջինը եղած էր Տիարպէքիրի, երկրորդը՝ Վանի եւ երրորդը՝ Էլազըղ շրջանին մէջ: Կառավարական մարմիններ այս ահաբեկչական պայթումներու գլխաւոր պատասխանատուն կը համարեն քրտական PKK-զինեալ խմբաւորումը: