image

Մեծ պայթում մը ցնցեց Թուրքիոյ Էլազըղ քաղաքը

Մեծ  պայթում մը ցնցեց Թուրքիոյ Էլազըղ քաղաքը

Մեծ  պայթում մը ցնցած է Թուրքիոյ Էլազըղ քաղաքը: Այս մասին լուր փոխանցող  աղբիւրներ նոյնպէս կը գրեն, որ պայթումին հետեւանքով  ցնցուած է   քաղաքի կեդրոնական  մասը:  Նշենք, որ  պայթումը եղած է քաղաքի  ոստիկանութեան կեդրոնին մօտ եւ ըստ նախնական  աղբիւրներու, կան  մարդկային կորուստներ: Յիշեցնենք, որ անցնող 24  ժամերուն ընթացքին այս երրորդ պայթումն է, որ կ'արձանագրուի  Թուրքիոյ մէջ: Առաջինը եղած էր Տիարպէքիրի, երկրորդը՝   Վանի եւ  երրորդը՝ Էլազըղ  շրջանին  մէջ: Կառավարական մարմիններ  այս  ահաբեկչական պայթումներու գլխաւոր պատասխանատուն կը համարեն  քրտական PKK-զինեալ խմբաւորումը: