Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնի շրջածիրէն ներս Շառլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ պիտի բացուի արձակագիր, շարժանկարի սենարիսթ Հրանդ Մաթեւոսեանի անուան աստղը: Մաթեւոսեանը այս տարի պիտի դառնար 85 տարեկան:
«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ փառատօնը այս տարի պիտի կայանայ նոյեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին՝ 1-8-ը, սակայն պատուաւոր աստղերու բացման արարողութիւնը կ'իրականացուի յուլիսէն:
Այս տարի պիտի տօնեն նաեւ բեմադրիչ Գրիգոր Մելիք-Աւագեանի 100, Առնոլտ Աղաբաբովի 90, Աղասի Այվազեանի 95 եւ Ռուբէն Գէորգեանցի 75-ամեակները: