image

Մեծ գրող Հրանդ Մաթեւոսեանի անունը պիտի աւելնայ Աբովեան փողոցի աստղահոյլի անուններուն

Մեծ գրող Հրանդ Մաթեւոսեանի անունը պիտի աւելնայ Աբովեան փողոցի աստղահոյլի անուններուն

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնի շրջածիրէն ներս Շառլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ պիտի բացուի արձակագիր, շարժանկարի սենարիսթ Հրանդ Մաթեւոսեանի անուան աստղը: Մաթեւոսեանը այս տարի պիտի դառնար 85 տարեկան:

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝  փառատօնը այս տարի պիտի կայանայ նոյեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին՝ 1-8-ը, սակայն պատուաւոր աստղերու բացման արարողութիւնը կ'իրականացուի յուլիսէն:

Այս տարի պիտի տօնեն նաեւ բեմադրիչ Գրիգոր Մելիք-Աւագեանի 100, Առնոլտ Աղաբաբովի 90, Աղասի Այվազեանի 95 եւ Ռուբէն Գէորգեանցի 75-ամեակները: