Օմանի ափերէն 11 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք գտնուող հատուածին մէջ նաւթատար մը հարուածի ենթարկուած է։
Այս մասին յայտնած է Մեծն Բրիտանիոյ Ծովային առեւտրական գործողութիւններու կեդրոնը (UKMTO)։
«UKMTO-ն հաղորդումներ ստացած է Օմանի Լիմա քաղաքէն 11 քիլոմեթր արեւելք գտնուող հատուածին մէջ առեւտրական նաւու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միջադէպի վերաբերեալ։
Ըստ հաղորդումներուն՝ նաւթատարը արկով խոցուած է, որու հետեւանքով վնասուած է մեքենայական բաժինը։ Իշխանութիւնները քննութիւն կը կատարեն»,– ըսուած է բրիտանական համակարգող կեդրոնին յայտարարութեան մէջ։