Գերմանիոյ Հիւպատոս Անկելա Մերքըլ Հայաստան կատարած իր առաջին պաշտօնական այցի ժամանակ, խօսելով 1915-1916 թթ. Օսմանեան կայսրութեան կողմէ մեկուկէս միլիոն հայերու սպանդի մասին, խուսափած է «ցեղասպանութիւն» բառի գործածումէ, որուն անդրադարձած է գերմանական Bild-ի յօդուածագիր Ռալֆ Շուլլէր՝ աւելցնելով, որ հիւպատոսը չէ գործածած այդ եզրոյթը թրքական կառավարութիւնը չզայրացնելու համար:
Նշուած է, որ դեռ գտնուելով Պերլին՝ Մերքըլ արդէն նախապատրաստուած էր իր այցին ու դիւանագիտօրէն զգուշացուցած, որ «պէտք չէ չափէն շատ ընդառաջ երթալ հայկական կողմին»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մամուլի ասուլիսի ժամանակ Մերքըլ նշած է, որ թուրքերու ոճրագործութիւններու մասին Պունտեսթագի բանաձեւը «քաղաքական գնահատական է, այլ ոչ թէ իրաւական»:
Անկելա Մերքըլ իր խօսքին մէջ ընդծած է, որ շատ ուրախ է առաջին անգամ Հայաստան գտնուելու համար:
«Ես այսօր այցելած եմ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Մենք կը գիտակցինք, թէ 1915 թուականին ինչպիսի սարսափելի իրադարձութիւն տեղի ունեցած է հայերոու նկատմամբ, այս փաստը պէտք չէ մոռցուի»,- ըսած է հիւպատոսը՝ չարտաբերելով «ցեղասպանութիւն» բառը:
Աւելի ուշ Մերքըլ այցելած է Վրաստան, ուր հանդիպումներ ունեցած է այդ երկրի իշխանութիւններու հետ, ապա ժամանած է Ատրպէյճան:
Աւելի վաղ նշուած էր, որ Պաքուի մէջ քննարկուելիք կարեւորագոյն հարցերէն մէկն է Կասպից ծովէն դէպի Եւրոպական Միութիւն բնական կազի մատակարարման ծաւալներու աւելցումը: