image

Մարդկային ծանր իրավիճակ Կազայի մէջ. Mirror-ի անդրադարձը

Մարդկային ծանր իրավիճակ Կազայի մէջ. Mirror-ի  անդրադարձը

 

Իսրայէլա-պաղեստինեան խորացող բախումներուն վերաբերող համացանցի մէջ յայտնուած են Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլական օդային հարուածներու սարսափազդու հետեւանքներու՝ տասնեակ մահացած եւ վիրաւոր երեխաներու լուսանկարները, գրած է Mirror-ը։

 

Պարբերականը, յղում ընելով Կազայի առողջապահութեան նախարարութեան, նշած է՝ վերջին օրերուն 119 մահացած պաղեստինցիներէն 31-ը երեխաներ են։

Իսրայէլը Կազայի հատուածը սկսած է ռմբակոծել այն ժամանակ, երբ ՀԱՄԱՍ-ը հրթիռներ արձակած է Թէլ Աւիւի եւ Երուսաղէմի ուղղութեամբ, գրած է պարբերականը։