image

Մայր Թերեզան Ալ Յետմահու Քարկոծելու Փորձեր.Սեւակ Յակոբեան

Մայր Թերեզան Ալ Յետմահու Քարկոծելու Փորձեր.Սեւակ Յակոբեան

Շաբաթավերջի լուրերը կը գլխաւորէր հետեւեալը՝ Մայր Թերեզան պիտի սրբադասուի:

 

Ըստ Corriere della Sera­-ի, սրբադասման ընթացակարգը պիտի կայանայ յառաջիկայ 4 Սեպտեմբեր 2016ին:

 

Ֆրանչիսկոս Պապը Մայր Թերեզայի սրբադասումը նկատած է, որ ըլլայ Գթասրտութեան Յոբելենական տարուան կեդրոնական իրադարձութիւններէն մին:

 

Եկեղեցուոյ մեծագործներու հռչակման Վատիկանի յատուկ յանձնաժողովը հրաշք համարած է վերջերս` մայր Թերեզային աղօթելով 35­ տարեկան պրազիլուհիի մը գիտականօրէն անբացատրելի բուժումը, բան մը, որ որպէս պաշտօնական հիմնաւորում կը ծառայէ անոր սրբադասման գործընթացին մէջ:

 

Մայր Թերեզային կեանքին ու գործին մասին գրելը մեր այս սիւնակին նեղ սահմաններէն շա՜տ դուրս կ՛իյնայ: Քաղաքակիրթ աշխարհի տարածքին կա՞յ արդեօք անձ մը, որ լսած ու հիացած չէ անոր մեծութեամբ: Մեզի պէս մահկանացուի մը  համար մայր Թերեզայի նման աստուածահաճոյ մեծ մարդասէրի մը սուրբ համարումը,  յետ  մահու հրաշքներու հետ կապուած չէ ամէն պարագայի: Ոչ ալ անոր հայկական արմատներ ունենալուն կամ չունենալու հարցականին հետ...: Մեզի համար մայր Թերեզայի վարքն ու կեանքը բաւարար են զինք մարդկային էակներու բարձրագոյն դասին վրայ սեպելու, եթէ նկատի ունենանք իր ամբողջական նուիրումը` փրկելու համար իր նման մարդոց կեանքը անօթութենէ, հիւանդութենէ եւ ստոյգ մահէ...:

 

Հետեւաբար ամէն պարագայի սրբանման անձի մը սրբադասումի լուրը մեզի այնքան մը չզարմացուց, որքան այս լուրին ընկերացող այլ բամբասանքներ՝ կասկածի տակ առնելու անոր գերմարդկային նուիրումը: Հետաքրքրականօրէն մէջտեղ կը դրուի անոր դարմանատուներուն ոչ այնքան առողջապահականօրէն մաքուր ըլլալու ծիծաղելի վարկածը՝ դարմանատուներ, որոնք կը գործէին աշխարհի ամենաաղքատ ու մոռցուած Կալկաթայի մէջ...: Կայ աւելի վատ բամբասանքը, թէ ան (լաթի կտորը որպէս հագուստ գործածող ազնիւ մայրապետը) անյայտ նուիրատուութիւններ ստացած է... կամ գործակցած է բռնատէրերու հետ իր մարդկային գործը յաջողցնելու համար... մինչ նման վեհ գործ մը յաջողցնելու համար մենք մեր կարգին կրնայինք գործակցիլ սատանային հետ ալ...:

 

Զարմանալի է մարդ արարածը պտղատու ծառը գարկոծելու իր մարմաջին մէջ...: Հետեւաբար թող շատ չվշտանան լաւ գործ կատարող մարդիկ՝ երբ բամբասուին կամ քարկոծուին, որովհետեւ եթէ մայր Թերեզան ալ պէտք է բամբասուի՝ մեզի կը մնայ անյոյս հռչակել մարդկային արդարութիւնը... եթէ այդ երբեւիցէ գոյութիւն ունի...:

 

Սեւակ Յակոբեան