Հանդիպումի ընթացքին շեշտուեցաւ քրիստոնեայ առաջնորդներու պատրաստութեան, գործակցութեան ամրապնդման եւ համատեղման կարեւորութիւնը, որպէսզի եկեղեցիներն ու քրիստոնէական հաստատութիւնները շարունակեն արդիւնաւէտ կերպով ծառայել հասարակութեան եւ կենդանի քրիստոնէական վկայութիւն ըլլալ Սուրիոյ մէջ։
Հալէպի Հայ Աւետարանական «Բեթել» եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ընդունեց «together» հաստատութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Տիար Յակոբ Յակոբեանի եւ իր անձնակազմին։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ գործակցութեան շարունակութիւնն ու զայն առաւել զարգացնելու կարելիութիւնները։ «together» հաստատութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց տարեկան ծառայութեան ծրագիրը՝ յատուկ շեշտ դնելով եկեղեցական առաջնորդներու պատրաստութեան եւ առաջնորդութեան զարգացման դասընթացքներուն վրայ։
Վեր. Դոկտ. Սելիմեան իր կարգին ներկայացուց ներկայ պայմաններուն մէջ համայնքին դիմագրաւած նոր եւ փոփոխուող մարտահրաւէրները։ Կողմերը նաեւ փոխանակեցին նոր գաղափարներ եւ քննարկեցին համատեղ նախաձեռնութիւններ՝ Սուրիոյ քրիստոնէական համայնքին կարիքներուն առաւել արդիւնաւէտ կերպով ծառայելու նպատակով։