image

Նախագահ Աունի ուղերձը ՝Աթէնքէն. Լիբանանի համար նոր ուղի մը․ թշնամութենէն դէպի դիւանագիտութիւն

Նախագահ Աունի ուղերձը ՝Աթէնքէն. Լիբանանի համար նոր ուղի մը․ թշնամութենէն դէպի դիւանագիտութիւն

Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի կայունութիւնը անհրաժեշտ է ամբողջ տարածաշրջանի եւ Եւրոպայի կայունութեան համար, զգուշացնելով, որ Լիբանանի մէջ որեւէ անկայունութիւն կրնայ ունենալ «լայնածաւալ բացասական հետեւանքներ»։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանին՝ «ջերմ ընդունելութեան եւ Լիբանանին ցուցաբերած մշտական քաղաքական, մարդասիրական եւ զինուորական աջակցութեան համար»։ Ան նաեւ հաստատեց, որ Լիբանան կը ձգտի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնել տարբեր ոլորտներու մէջ՝ ի շահ երկու կողմերուն ընդհանուր շահերուն։

 

Պաշտօնական այցով  Աթէնք գտնուող Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը պատերազմներէն յոգնած են , ընդգծելով, որ Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն նպատակը «թշնամութեան վիճակին վերջ տալն է», իսկ լուծումը պէտք է ըլլայ դիւանագիտութեան, ոչ թէ պատերազմի միջոցով։

Աուն այս յայտարարութիւնը կատարեց երէկ  Աթէնքի մէջ Յունաստանի նախագահ Քոնսթանտինոս Թասուլասի հետ հանդիպումէն ետք։ Ան նշեց, որ Լիբանան ամերիկեան հովանաւորութեամբ հասած է «շրջանակային համաձայնութեան» ստորագրման, շեշտելով, որ զայն անհրաժեշտ է ամբողջութեամբ գործադրել երկու կողմերուն կողմէ՝ «առանց ընտրողականութեան»։

Լիբանանի նախագահը Յունաստանէն խնդրեց՝ «կարելի եղածին չափ աջակցիլ համաձայնութեան գործադրումը երաշխաւորելու», ընդգծելով. «Ժամանակն է, որ Լիբանանը հանգստանայ, եւ մենք վճռած ենք վերջ տալ թշնամութեան վիճակին»։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ «լուծումը դիւանագիտութիւնն է, ոչ թէ պատերազմը»։

Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի կայունութիւնը անհրաժեշտ է ամբողջ տարածաշրջանի եւ Եւրոպայի կայունութեան համար, զգուշացնելով, որ Լիբանանի մէջ որեւէ անկայունութիւն կրնայ ունենալ «լայնածաւալ բացասական հետեւանքներ»։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանին՝ «ջերմ ընդունելութեան եւ Լիբանանին ցուցաբերած մշտական քաղաքական, մարդասիրական եւ զինուորական աջակցութեան համար»։ Ան նաեւ հաստատեց, որ Լիբանան կը ձգտի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնել տարբեր ոլորտներու մէջ՝ ի շահ երկու կողմերուն ընդհանուր շահերուն։

Աուն  երէկ առաւօտեան ժամը 10։30-ին ժամանած էր Աթէնքի միջազգային օդակայան, ուր զինք դիմաւորած են Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորգոս Կիրիաքոս Գերափեթրիթիսը, Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլուն, Յունաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Քընճ Հըճըլը եւ լիբանանեան դեսպանատան այլ պաշտօնեաներ։