image

Գագիկ Խաչատրեանը ձերբակալուած է

Գագիկ Խաչատրեանը ձերբակալուած է

 

Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանը ձերբակալուած է։

 

Այս մասին յայտնեցին ՀՀ քննչական կոմիտէէն։

Աւելի վաղ Քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով դրամի լուացման դէպքերու առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի ծիրէն ներս անհետաձգելի քննչական եւ վարութային գործողութիւններ իրականացուած են ՀՀ ՊԵԿ նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանի, վերջինիս որդւոյն բնակարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց հետ փոխկապակցուած շուրջ 21 ընկերութիւններու գրասենեակներու եւ մասնաճիւղերու մէջ, որմէ ետք Գագիկ Խաչատրեանը ձերբակալելու որոշում կայացուած է։