image

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի հայերէնի ուսուցիչներու Համահայկական ամենամեայ հաւաքը

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի հայերէնի ուսուցիչներու Համահայկական ամենամեայ հաւաքը

«Հայաստանի բանալին հայոց լեզուն է»
Աւետիք Իսահակեան

Հայոց լեզուի հանդէպ սէրն ու նուիրումը անգամ մը եւս մէկտեղեցին անոնք, որոնց համար մայրենին ոչ միայն դասաւանդման առարկայ է, այլեւ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ զայն սերունդներուն փոխանցելու սրբազան առաքելութիւն։

2026 թուականի Օգոստոսի 8-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին մէջ, Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ մայրենի լեզուի մշակներու համահայկական հերթական հաւաքը։

Տարիներ շարունակ այս նախաձեռնութիւնը Արեւմտեան Թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններու մանկավարժներուն համար եղած է մասնագիտական զարգացման, փորձառութեան փոխանակման եւ կրթական նոր մօտեցումներու քննարկման կարեւոր հարթակ մը։ Վերջին տարիներուն, սակայն, ան ընդլայնած է իր աշխարհագրական սահմանները՝ ստանալով համահայկական ընդգրկում` իր շուրջ համախմբելով տարբեր երկիրներու մէջ հայոց լեզուի պահպանման ու տարածման նուիրուած մանկավարժներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հաւաքի գլխաւոր կազմակերպիչներէն, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգեւոր տեսուչ եւ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ մայր դպրոցի տնօրէն, բարեշնորհ Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրույեանը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն՝ ընդգծելով հաւաքին կարեւորութիւնը եւ նշելով. «Միջոցառման նպատակը միայն գիտական հարցերու քննարկումը չէ։ Ան մասնագիտական երկխօսութեան, մանկավարժական փորձառութեան փոխանակման եւ կրթութեան արդի մօտեցումներու իւրացման արժէքաւոր հարթակ մըն է, ուր իւրաքանչիւր մասնակից հնարաւորութիւն ունի թարմացնելու իր գիտելիքները, ծանօթանալու նոր մեթոտներու եւ հարստացնելու սեփական մանկավարժական փորձառութիւնը»։ Յովհաննէս Սարկաւագը կարեւորեց ուսուցիչին պատասխանատու դերը՝ ընդգծելով, որ մանկավարժը կը սորվեցնէ ոչ միայն պահպանել մայրենի լեզուն, այլեւ ապրիլ անոր մէջ, մտածել, ստեղծագործել եւ աշխարհը ճանչնալ հայերէնով։

Այնուհետեւ ներկաներուն իր հայրական օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի բազմավաստակ առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը։ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամը ամփոփեց մէկ բառով՝ ծառայութիւն։ Պօղոս Առաքեալի նամակներէն ծառայութեան վերաբերող հատուած մը մէջբերելով՝ ան ընդգծեց, որ ով կամովին կը ստանձնէ ծառայութեան լուծը, արժանի է պատիւի։

Այս խորհուրդը Սրբազան Հայրն ուղղեց նաեւ հաւաքուած ուսուցիչներուն, որոնք իրենց միտքը, սիրտը, հոգին ու համբերութիւնը կը ներդնեն Աստուծոյ սուրբ գործին՝ հայ մանուկի կրթութեան ու դաստիարակութեան մէջ։ Թեմակալ Առաջնորդը բարձր գնահատեց անոնց նուիրական աշխատանքը՝ շեշտելով, որ մանկավարժները ստանձնած են պատասխանատու եւ պատուաբեր ծառայութիւն մը։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Գիտակրթական յանձնախումբի ատենապետ, դոկտոր Էլլի Անդրէասեանը։ Ան անդրադարձաւ Սփիւռքի մէջ մայրենիի ուսուցման նշանակութեան՝ զայն նկատելով մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման հիմնարար պայմաններէն մէկը։

Աշխատանիստի հիմնական զեկուցողներէն մէկը հայոց լեզուի եւ գրականութեան բազմամեայ ուսուցչուհի, մեթոտիստ Յասմիկ Յովհաննիսեանն էր։ Ան հանգամանօրէն ներկայացուց Սփիւռքի մէջ մայրենիի դասաւանդման հիմնական նպատակները՝ ազգային ինքնութեան ու լեզուամտածողութեան պահպանումը, կենդանի եւ կիրառական լեզուի ձեւաւորումը, ինչպէս նաեւ մայրենիի կապը գրականութեան ու պատմութեան հետ։

Յասմիկ Յովհաննիսեան առանձնայատուկ ուշադրութիւն հրաւիրեց ուսուցիչին դերին՝ երեխայի ինքնուրոյն մտածողութեան ձեւաւորման գործին մէջ։ Իր համոզումով՝ լաւ ուսուցիչը պարզապէս գիտելիք չի փոխանցեր, այլ աշակերտին մէջ կը զարգացնէ մտածելու եւ ինքնուրոյն դատողութիւններ կատարելու կարողութիւնը։

Բանախօսն անդրադարձաւ նաեւ Վարդգէս Պետրոսեանի «Հայկական էսքիզներ» գիրքի «Հայաստանի բանալին» ստեղծագործութեան՝ ներկայացնելով անոր բովանդակութիւնն ու գաղափարական առանցքը։ Պատմուածքին հերոսը անգլիական արտասանութեամբ հայերէն խօսող տղայ մըն է, որ իր հօրմէն կը խնդրէ իրեն համար Հայաստանի բանալին բերել։ Այս դրուագը Յասմիկ Յովհաննիսեան կապեց Սփիւռքի մէջ մայրենիի պահպանման եւ ազգային ինքնութեան հիմնախնդիրին հետ՝ շեշտելով, որ լեզուն ժողովուրդի գոյութեան անքակտելի հիմքերէն մէկն է։

Ան յիշատակեց նաեւ Կ. Դ. Ուշինսկիի յայտնի միտքը՝ լեզուն ներկայացնելով իբրեւ ժողովուրդի գոյութեան եւ ինքնութեան առանցքային յենասիւներէն մէկը։ Իր ելոյթը Յասմիկ Յովհաննիսեան աւարտեց Աւետիք Իսահակեանի խօսքերով. «Հայաստանի բանալին հայոց լեզուն է»։

Յաջորդ նիւթը ներկայացուց բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսոր, Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Բանասիրական բաժանմունքի դեկան Աշոտ Գալստեանը։

Փրոֆեսոր Գալստեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ ազգի գոյութիւնը միայն պետական սահմաններով չի չափուիր. ան կը շարունակուի հոն, ուր կ՚ապրին լեզուն, պատմական յիշողութիւնն ու սերունդներուն փոխանցուող հոգեւոր արժէքները։ Այս առնչութեամբ ան մէջբերեց Պարոյր Սեւակի յայտնի խօսքը. «Վերյիշել անցեալը չի նշանակում տեղափոխուել անցեալ, այլ անցեալը տեղափոխել ներկայ»։

Աշոտ Գալստեանի խօսքով՝ ուր ալ ապրի հայը, իր մէջ կը կրէ Հայաստանի ներկայի ձայնը՝ ազգային մշակոյթի, մայրենի լեզուի եւ եկեղեցւոյ միջոցով շարունակելով հայկական ինքնութեան յարատեւ ուղին։

Ելոյթին առանցքային նիւթերէն էր նաեւ Սփիւռքի միօրեայ վարժարաններուն մէջ մայրենիի ուսուցման նոր մօտեցումներու անհրաժեշտութիւնը։ Ան առանձնացուց ժամանակակից փոխգործուն մեթոտներու կիրառումը, ուսումնական ծրագիրներուն մէջ QR ծածկագիրներու ներառումը, ծաւալուն բնագիրներու նպատակային կրճատումն ու թուային գործիքներու արդիւնաւէտ օգտագործումը։

Անդրադառնալով նաեւ արհեստական բանականութեան ընձեռած հնարաւորութիւններուն՝ ան նշեց, որ նոր թուային գործիքներու միջոցով կարելի է ստեղծել հետաքրքրական կրթական ծրագիրներ, վարժութիւններ եւ ուսումնական նիւթեր՝ զանոնք ժամանակակից աշակերտին համար առաւել մատչելի ու գրաւիչ դարձնելով։

Բանախօսը նկատեց, որ կրթական միջավայրը արագօրէն կը փոխուի, եւ անցեալին արդիւնաւէտ եղած մեթոտները միշտ չէ, որ նոյն ազդեցութիւնը կ՚ունենան այսօրուան աշակերտին վրայ։ Հետեւաբար մանկավարժը եւս պէտք է շարունակաբար զարգանայ, իւրացնէ նորարարութիւնները եւ կարողանայ մայրենիի դասը դարձնել կենդանի, հետաքրքրական ու երեխայի առօրեային մօտ։

Յատկանշական է, որ այս տարուան համահայկական հաւաքը համախմբած էր շուրջ 120 մանկավարժ։ Անոնցմէ շուրջ 60-ը ներկայ էին Արեւմտեան Թեմի «Համբար» սրահին մէջ, իսկ միւսները առցանց միացած էին Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, եւրոպական տարբեր երկիրներէ, Հնդկաստանէն եւ ԱՄՆ-ի զանազան քաղաքներէ։ Մասնակիցներու աշխարհագրական այս լայն ընդգրկումը անգամ մը եւս վկայեց նախաձեռնութեան համահայկական բնոյթին մասին։

Օրուան վերջին զեկուցողը կրթութեան ոլորտի մասնագէտ, ծնողներու շահերու պաշտպան եւ ֆինանսական գրագիտութեան ծրագիրներու ղեկավար Մարիամ Ազոլեանն էր։

Ան խօսեց յաւելեալ կարիքներ ունեցող երեխաներու կրթութեան առանձնայատկութիւններուն եւ անհատական մօտեցման անհրաժեշտութեան մասին՝ յատկապէս կարեւորելով ուսուցիչին եւ աշակերտին միջեւ արդիւնաւէտ հաղորդակցութիւնն ու փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորումը։ Մարիամ Ազոլեան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր երեխայ իւրայատուկ է, հետեւաբար արդիւնաւէտ կրթութիւնը կ՚ենթադրէ ոչ միայն գիտելիքի փոխանցում, այլեւ աշակերտին կարիքներուն, կարելիութիւններուն եւ անհատական առանձնայատկութիւններուն ճանաչումը։

Հաւաքը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով։ Օրուան աւարտին մասնակիցները Սրբազան Հօրմէն ստացան Առաջնորդարանի նոր հրատարակութիւններէն եւ հեռացան հոգեւոր օրհնութեամբ ու նոր խանդավառութեամբ՝ պատրաստ նոր ուսումնական տարուան ընթացքին շարունակելու իրենց պատասխանատու եւ նուիրական ծառայութիւնը։

Բարեշնորհ Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրույանը ներկաները շնորհաւորեց գալիք ուսումնական տարուան առիթով՝ մաղթելով խաղաղ, արգասաբեր եւ ստեղծագործ տարի մը՝ լի մանկավարժական նոր ձեռքբերումներով, աշակերտներու ուսումնատենչութեամբ եւ մայրենի լեզուի հանդէպ սիրոյ նոր դրսեւորումներով։

Հայերէնի ուսուցիչներու ամենամեայ հաւաքը անգամ մը եւս փաստեց, որ Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանումն ու ուսուցումը զուտ կրթական խնդիրներ չեն։ Անոնք ազգային յիշողութեան պահպանման, մշակութային ժառանգութեան փոխանցման եւ հայ ինքնութեան շարունակականութեան կարեւոր երաշխիքներ են։

Այսօր, երբ հայ երեխան կը մեծնայ բազմալեզու եւ բազմամշակութային միջավայրի մէջ, ուսուցիչին առաքելութիւնն առաւել եւս պատասխանատու կը դառնայ։ Մայրենին նոր սերունդը կը կապէ իր պատմութեան, մշակոյթին, հաւատքին եւ հայրենիքին, իսկ ուսուցիչը իր գիտելիքով ու նուիրումով կ՚ամրապնդէ այդ կապը։

Հայաստանի բանալին հայոց լեզուն է։ Իսկ այդ բանալին սերունդներուն փոխանցողներն են հայոց լեզուի նուիրեալ ուսուցիչները։

 

Անահիտ Ամիրեան

«Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ մայր դպրոցի ուսուցչուհի