image

Լիբանանի ընտրութիւններուն մնաց 18 օր. Ամենասուր պայքարը Թրիփոլիի մէջ. Al Hayat

Լիբանանի ընտրութիւններուն մնաց 18 օր. Ամենասուր պայքարը Թրիփոլիի մէջ. Al Hayat

18 Օրեր մեզ կը  բաժնեն Լիբանանի մէջ  տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն:  Ըստ պարբերականին յառաջիկայ մայիսին Լիբանանի մէջ կայացուելիք խորհրդարանական ընտրութիւններու ամէնէն «սուր» մրցակցութիւնը տեղի  պիտի ունենայ Լիբանանի «հիւսիսի մայրաքաղաք» համարուող Թրիփոլի քաղաքին  մէջ:

Թերթին դիտարկումը Լիբանանեան հիւսիսային հատուածներուն մէջ ընտրական սուր պայքար ըլլալու վերաբերեալ  մասնաւորապէս կապ  ունի «Հիւսիս երկու» ընտրական շրջանին մէջ առկայ մրցակցութեան  հետ, ուր  իրարու դէմ պայքար կը մշեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի ղեկավարած «Ալ Մուսթաքպալ»   հոսանքն ու երկրի նախկին արդարադատութեան նախարար զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի գլխաւորած  ընտրական  ցանկը: 

Յիշեցնենք, որ Աշրաֆ Ռիֆի, որ կը համարուէր Սաատ Հարիրիի երբեմնի ամենավստահելի գործակիցներէն մին  այսօր կը հանդիսանայ անոր գլխաւոր ընդդիմակիցը:

Ի դէպ «Հիւսիս երկու» ընտրատարածքին համար նախատեսուած են  երեսփոխաններ (մեծաւ մասամբ սիւննի համայնքէն) իսկ ընտրութիւններուն  պիտի մասնակցին հազար քաղաքացիներ:

 

Յիշեցնենք նաեւ, որ Թրիփոլիի մէջ հայ  թեկնածուներ չկան, շրջանին մէջ հայ բնակչութեան նօսր թիւին հետեւանքով: