Լիբանանի կառավարութեան կողմէ նախատեսուած ելեւմտական սեղմումներու ծիրէն ներս Լիբանանի մէջ սղաճ պիտի գրանցուի։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը, որ նաեւ հաւաստեց, թէ Լիբանանի մէջ գործող պետական յաւելավճարներու ՝ TVA-ի առընթեր 2 առ հարիւրի յաւելում մը պիտի կիրարուի։
Աղբիւրը նաեւ հաղորեց, որ յաւելավճարները երեւելի պիտի դառնան մանաւանդ առաջին անհրաժեշտութեան պէտքերու, ինչպիսին են պանիրը, միսը, առօրեայ օգտագործման իրերը եւ այլ կարեւոր իրեղէններու եւ սնունդի տեսականիի վրայ։ Այսպիսով սպասելի է, որ Լիբանանի միջին եւ անապահով խաւերուն համար անչափ կարեւոր ՝ «սպառողական զամբիւղ»ը յաւելում գրանցէ։
Ի դէպ Լիբանանցի մէկէ աւելի տնտեսական վերլուծաբաններ, այսօր այդ թեմային անդրադառնալով մտահոգութիւն յայտնեցին , թէ նման յաւելումները կրնան երկրի անապահով խաւերուն մօտ լուրջ տագնապ առաջացնել։ Նշենք, որ յաւելումներու մասին խօսակցութիւնները լսելի կը դառնան այն պահուն, երբ Լիբանանի խորհրդարանը այսօր ընթացք առած դռնբաց նիստով մը սկսաւ քննարկել ընթացիկ տարուան պիւտճէի նախագիծը։