image

Լիբանանահայ Երիտասարդներ Վաղը Բողոքի Ցոյց Պիտի Ընեն Թուրքիոյ Դեսպանատան Առջեւ

Լիբանանահայ Երիտասարդներ Վաղը  Բողոքի Ցոյց  Պիտի  Ընեն Թուրքիոյ Դեսպանատան Առջեւ

Խումբ մը լիբանանահայ  երիտասարդներ վաղը  բողոքի հաւաք  պիտի կատարեն Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը  նաեւ յայտնեց, որ    բողոքի  ցոյցը պիտի կայացուի Հրանդ Տինքի    յիշատակին: Ցոյցը կազմակերպողները   կոչով մը հանդէս  գալով  բոլոր  մասնակիցներէն   խնդրած են       յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին  հասնիլ Անթիլիասի հրապարակ, որմէ ետք պիտի շարժին Ռապիյէ շրջանը գտնուող թրքական  դեսպանատուն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ անոնք   պիտի բարձրացնեն նահատակ Հրանդ Տինքի եւ Տիարպէքիրի մէջ  վերջերս սպաննուած Քիւրտ իրաւապաշտպան Թահէր Էլչիի  լուսանկարները: