Խումբ մը լիբանանահայ երիտասարդներ վաղը բողոքի հաւաք պիտի կատարեն Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ բողոքի ցոյցը պիտի կայացուի Հրանդ Տինքի յիշատակին: Ցոյցը կազմակերպողները կոչով մը հանդէս գալով բոլոր մասնակիցներէն խնդրած են յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին հասնիլ Անթիլիասի հրապարակ, որմէ ետք պիտի շարժին Ռապիյէ շրջանը գտնուող թրքական դեսպանատուն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ անոնք պիտի բարձրացնեն նահատակ Հրանդ Տինքի եւ Տիարպէքիրի մէջ վերջերս սպաննուած Քիւրտ իրաւապաշտպան Թահէր Էլչիի լուսանկարները: