«Հըզպալլա»ի պատասխանատուներէն Սամիր Քընթարի սպաննութիւնէն ետք Լիբանան- Իսրայէլ սահմանային հատուածը երեւելի լարուածութիւն կ'ապրի: Այս մասին հաղորդող աղբիւրները նաեւ կը յայտնեն, որ իսրայէլեան տարբեր շրջաններուն մէջ (յատկապէս Նահարիյա շրջանին մէջ) ապահովական ահազանգ հնչեցուած է ինչպէս նաեւ քաղաքային ապաստարաններ բացուած են: Նշենք, որ այսօր յետմիջօրէին լիբանանեան շրչաններէն երեք հրթիռներ նետուած են իսրայէլեան հողերու ուղղութեամբ եւ կը կարծուի, որ հրթիռարձակումները կատարուած են պաղեստինեան ջոկատներու կողմէ: Իր կարգին «Ալ Մայատին» կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան մէկէ աւելի աղբիւրներ լուրեր տարածած են այն մասին, թէ «Հըզպալլա» լուռ պիտի չմնայ այս արարքէն ետք եւ համապատասխան կերպով պիտի պատասխանէ իսրայէլեան այս արարքին: Նշենք նաեւ, որ Սամիր Քընթարի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի վաղը «Հըզպալլա»ի գլխաւոր կեդրոնատեղի համարուող Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ եւ կը սպասուի, որ կազամկերպութըան առաջնորդ Սայիտ Հասան Նասրալլա այս առթիւ յատուկ խօսքով մը հանդէս գայ: