Երեւանի «Զաքեան» փողոցի վրայ գտնուող «Ասթորիա» հիւրանոցին մէջ, ուր այսօր յայտնաբերուած էր գրող եւ թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեանի դին փակուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած է News.am-ը: Աղբիւրը , որ կապ հաստատած է պանդոկի պատասխանատուներուն հետ, նշած է, թէ առաջին անգամն է, որ հիւրանոցին մէջ նման դէպք մը կը պատահի: Նշենք, որ Լեւոն Մութաֆեանի դին յայտնաբերուած էր այսօր պանդոկի մէկ սենեակի լոգարանին մէջ: Կը կատարուի հետաքննութիւն: