image
Հրատապ լուրեր:

«Կ՚առաջնորդուինք Յակոբոս Առաքեալի սկզբունքով եւ կ՚ըսենք՝ հաւատքը առանց գործի մեռեալ է...»Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեան

«Կ՚առաջնորդուինք  Յակոբոս Առաքեալի  սկզբունքով  եւ կ՚ըսենք՝   հաւատքը առանց գործի մեռեալ է...»Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ երկար  տարիներ  Քեսապի, ապա Հալէպի մէջ  հովուական ծառայութիւն   մատուցած եւ ներկայիս  Լոս Անճելոսի Փասատէնա շրջանի  Հայ Կիլիկիա  ե Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ ՝ Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեան:

 

-Երիտասարդական  խումբ մը գլխաւորելով  կը գտնուիք Հայաստան։ Ի՞նչ է այցի նպատակը։

Ամերիկայի Աւետարանչական Ընկերակցութեան  կողմէ, այս տարի որդեգրեցինք ծրագիր մը, որ կը գրէ  «Տեսիլք առաքելութեան» խորագիրը: Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը տարիներէ ի վեր ունէր ծրագիր մը, որ կը կոչուի Youth Internship,  եւ  որուն  նպատակն  է երիտասարդներու վերապատրաստում  իրականացնել Հայաստանի մէջ: Այս տարի  այդ  ծրագրին համար  պատասխանատու նշանակուեցանք ես   ու  կողակիցս։ Ծրագրին  մաս կը կազմէին  Գանատայի եւ Ամերիկայի Աւետարանչական եկեղեցիներու երիտասարդները եւ յաճախ  անոնց  թիւը  կը   հասնէր  հարիւրի։Այս  տարի  սակայն   որդեգրուած     մարտավարութիւնը  քիչ մը տարբեր էր, այն իմաստով  որ մեր  փափաքն էր, որպէսզի  բացուինք  սփիւռքի տարածքին եւ  մասնակցիներու թիւը ըլլայ սահմանափակ։ Նպատակը   տարուած   աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ     դարձնելն էր։   Եւ այդ նպատակով  ալ  ծրագրին համար ընդունեցինք 18 երիտասադներ 8 երկրէ՝ Ամերիկայէն, Գանատայէն, Աւստրալիայէն, Հարաւային Ամերիկա՝ Արժանթինէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն:

 

-Ինչն է այս ծրագրի հիմնական նպատակը եւ ուղղութիւնը:

Հիմնական նպատակը այն էր, որ այս  աշխարհի չորս կողմէն  Երեւան   ժամանած    երիտասրդները, ոչ միայն ծանօթանան  մեր հայրենիքին,  այլ նաեւ այստեղ  ծառայեն։ Նպատակը նաեւ  այն էր, թէ նախ՝այս երիտասարադները պէտք է գիտնան եւ տեսնեն, թէ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը ինչ բեղուն ծառայութիւն կ՚իրականացնէ  Հայաստանի մէջ, երկրորդ ուղղութիւնը՝ որ իրենք անձամբ  ծառայութիւն մատուցեն հայրենիքին, ուղղակի, շօշափելի ձեւով։  Այս առումով  ալ մենք  առաջիկայ  օրերուն Վանաձոր պիտի այցելենք, ուր պիտի ունենանք երեք տարբեր ծառայութիւններ, մէկը՝ այցելութիւն մենակեաց ապրող ծերունիներուն եւ անոնց ծառայութիւն մատուցենք։  Այդպիսով մեր   երիտասարդները իրենց հանգստաւէտ պայմաններէն դուրս եկած  պիտի  ըլլան  եւ օգնեն տարեցներուն, ոչ թէ նիւթական օժանդակութիւն տալով, այլ ուղղակի գործ ընելով՝ տունը մաքրեն, եթէ պէտք է տան պատերը ներկեն, ճաշ պատրաստեն, գնում կատարեն,  ճաշ մատուցեն եւ ուղղակի շփուին եւ ապրին այս մենակեաց տատիկ պապաիկներուն հետ. երկրորդ ծառայութեան ծրագիրը ուղղուած  պիտի ըլլայ հաշմանդամ մանուկներու օգնութեան, անոնց համար ամառնային դպրոց կազմակերպելով։ Անշուշտ այդ  մէկը  Աստուածաշնչեան  ուղղութեամբ  մէջ պիտի ըլլայ, անոնց Աստուծոյ խօսքը պիտի հասցնենք, ի վերջոյ, ով անոնց պիտի խօսի Քրիստոսի սիրոյ մասին, որովհետեւ, եթէ գիտենք եւ կը հաւատանք, որ պատուէր կար Աստուծոյ կողմէ՝ սիրէ՛ ԶԱստուած եւ սիրէ՛ մարդը, ուրեմն հաշմանդամն ալ, որ մեզի պէս մարդ է,  հետեւաբար պէտք է օգտակար ըլլանք անոնց։

 

 

-Սա  այս  տարուա՛ առաջի՞ն նախաձեռնութիւնն է։

Այս տարուայ առաջինն է, այո՛, եւ  անշուշտ այս  ծառայութիւններուն  կողքին   մենք   ունենանք ճամբար մը։ ԱՀԱԸ- Հայաստանի  Հանքաւան  շրջանին  մէջ ճամբար մ՚ունի,  որու ընթացքին  մեր  երիտասարդները պիտի շփուին նաեւ Հանքաւանի մեր Աւետարանչականի շրջանակի ճամբարի անդամներուն հետ։ Տեսնեն ինչպէս կ'անցնի անոնց առօրեան, եւ անոր կողքին պիտի ունենանք մեր առանձին հաւաքները։ Մեր ծրագրին մէջ     պիտի ունենանք Աստուածաշնչական սերտողութիւններ, որմէ ետք երեկոյեան կ'ունենանք յատուկ հանդիպում մը,որպէսզի մեր այդ օրուայ տպաւորութիւնները իրարու հետ բաժնեկցինք եւ տեսնենք, թէ այս երիտասարդները ինչ սորվեցան եւ ինչ   եղան   ձեռքբերումները :

 

- Այս նախաձեռնութեան  մաս կազմող երիտասրադները գիտէի՞ն որ այս տեսակ ծառայութիւն պիտի մատուցեն  Հայաստանի մէջ։

Այո՛, երբ մասնակցութեան դիմումնագիր ներկայացուցին, մենք իրենց հետ հարցազրոյց ունեցանք, հետեւաբար իրենց համար ամէն ինչ շատ յստակ էր։ Գիտէին՛ որ   պիտի ունենանք զբօսաշրջային շրջագայութիւններ, վայրերու այցելութիւններ, բայց մեր նպատակը միայն այդ չէր, որովհետեւ մենք զբօսաշրջային խումբ չենք, մենք ունինք տեսիլք, որ պիտի իրագործուի շօշափելի առաքելութեամբ մը, հայրենիքի մէջ:

Հետեւաբար, 15 օրուայ այս ծառայութեան մէջ մեր երիտասարդներուն մէջ պիտի փորձենք ոչ թէ ցանել, այլ՝ արմատացնել երկու բան, նախ, որ սա մեր հայրենիքն է, եւ ուր որ ալ ըլլանք, ուշ կամ կանուխ մեր տեսիլքը պէտք  է ըլլայ հայրենիքը։ Երկրորդը՝ ծառայութիւն, որու հիմնական նպատակը աստուածային տեսիլքով ծառայութիւնը գործնականացնելն է, որովհետեւ կարեւոր չէ թէ օրական քանի անգամ կ'աղօթես, կարեւոր չէ օրական քանի անգամ Աստուածաշունչ կը կարդաս, ցոյց տո՛ւր ինծի քրիստոնէական կեանքդ,  եւ  ըսէ, թէ ինչ գործնական  քայլեր կ՚ընես։

Կարելի է հասկնալ, որ  այս  ձեւը քրիստոնէական ընկալման  նո՞ր    մօտեցում մըն   է։

Ասիկա նոր չէ, ընդհակառակը, Յակոբոս առաքեալ կ'ըսէ՝ հաւատքը առանց գործի մեռեալ է, գործը , ծառայութիւնը ցոյց պիտի տայ հաւատքը: Մենք շատ յաճախ կը կարդանք քրիստոնէութեան մասին, կը կարդանք տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին, բայց չենք կարդար եւ սերտեր անոր կեանքը: Տէր Յիսուս ի՞նչպէս  գործեց։ Ան  իր ունեցած հաւտաքը, կոչումը, ծառայութիւնը, ինչպէ՞ս  ի  սպաս դրաւ ժողովուրդին, հետեւաբար նոր բան մը չէ այս մօտեցումը, բայց այլեւս ժամանակն էր գործնականացնել մեր հաւատքի կեանքը եւ ոչ գոհանալ միայն   քրիստոնէութեան տեսական    մասով։ Ի վերջոյ մեզի համար քրիստոնէութիւնը   ծառայութիւն է։

 

-Հիմա դեռ առաջին օրերն են ձեր ծառայութեան, ընդհանուր ի՞նչ նախանշաններ կան երիտասարդներուն կողմէ.Խանդավա՞ռ են   արդեօք։

Այս երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը, 90 տոկոսը առաջին անգամն է որ Հայաստան կու գայ, անշուշտ որպէս առաջին տպաւորութիւն՝ շլացան, երբ տեսան Երեւանի կեդրոնը,  փայլուն եւ լուսաւոր հրապարակները ժողովուրդը, զբօսաշրջիկները... Յաջորդ օրը սակայն իրենց հետ մեր դռնփակ հանդիպումին ըսի,  միայն ասի չէ Երեւանը,ասի արտաքին երեւոյթն է, եւ ըսի՝ հիմա պիտի երթանք Երեւանէն կէս ժամ դուրս, պիտի տեսնէք ճանապարհներ, տուներ, պիտի հանդիպիք ընտանիքներու  եւ ծանօթանաք Հայաստանի միւս երեսակին։Այցելեցինք ՝ Այնթապ, Արտաշատ, եղանք այնտեղի մեր եկեղեցիները, հանդիպում ունեցանք եկեղեցւոյ մէջ ժողովուրիդն հետ եւ  եւ  հոն տեսանք  Հայաստանի այդ   երեսը եւս: Ետքը,  երբ իրենց տպաւորութիւնները արտայայտեցին, ըսին՝ Երեւանի   «Հանրապետութեան» հրապարակը բան մըն է, հրապարակէն դուրս այլ բան մըն է, ահռելի հակապատկեր: Անոնց մէջ նաեւ ուրիշ դրական խանդավառութիւն մը ստեղծուեցաւ, երբ այցելեցինք  ՀԱԵԸ  հովանիով   գործող «Աւետիսեան» դպրոց։ Հոն  իրապէս  հրաշալի էր ամէն  բան, բոլորովին ուրիշ աշխարհ էր... Հոն  ալ երեւելի դարձած    գլխաւոր միտքն այն էր, որ միայն  ունեգոր դասու    երեխաները չեն, որ պիտի օգտուին արդիական  վարժարանի մը բոլոր  տեսակի բարիքներէն։

 

Այս բոլորէն   ետք,   ինչ էր մասնակից  երիտասրդներուն   տպաւորութիւնները հակասական պատկերներուն  ընդմէջէն։

 Հակասական պատկերներուն մէջ, առաջին հերթին սիրահարուած են Հայաստանին: Երկրորդ կէտը, որ իրենց մէջ զարգացաւ ուղղութիւն մը, որ պէտք չէ հայերէն լեզուն մոռնան կամ երկրորդական տեղ դնեն, որովհետեւ հարցազրոյցի ժամանակ մենք իրենց ըսինք, որ մեր ծրագրի խօսակցական լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, որ կը նշանակէ, թէ մինչեւ յուլիս եթէ հայերէնդ լաւ չէ, պէտք է զօրացնես, եւ հիմա կ'անդրադառնան  այդ մէկուն։  Օրինակի համար  Պուէնոս Այրէսէն եկող երիտասարդը ըսաւ, պատուելի, առաջին անգամն է կ'անդրադառնամ, որ ես հայերէն լեզուիս պէտք է աւելի զարկ տամ, որովհետեւ նկատեցի, որ ամբողջ երկիր մը, ժողովուրդ մը հայերէն կը խօսի, անդրադարձայ, որ որպէս հայ պէտք է աւելի կեդրոնանամ իմ հայերէն լեզուս  զարգացնելուն մէջ։