image

Գառնիկ Մկրտիչեան յիշատակուեցաւ Պաղտատի մէջ

Գառնիկ Մկրտիչեան յիշատակուեցաւ  Պաղտատի մէջ

  Անցնող  յունուարին «Քորոնա»ի հետեւանքով մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած   Լիբանանահայ գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեան  յիշատակուած է Իրաքի մէջ։

 

 Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք համացանցէն։

 

 Այդ առթիւ  ալ Պաղտատի Ազգային Առաջնորդարանը  հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս գրուած է, թէ Ուրբաթ, 14 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, նորոգ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի։

Հոգեհանգիստին ներկայ գտնուեցան Իրաքի Հայոց Առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեան եւ վարչութեան անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի վարչութեան ատենապետ եղբ. Արա Եսայեան եւ անդամներ, սկաուտներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր եւ եղբայրներ։

Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ, օրուան պատարագիչ Պետրոս Աբղ. Ազարեան խօսեցաւ եղբայր Գառնիկի ազգային նուիրումի, ծառայութեան, սերունդներ դաստիարակելու արժանիքին եւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի յատկութիւններուն մասին։