Իտալիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Իտալիան ուրբաթ օր տուն կանչած է Եգիպտոսի մօտ իր դեսպանը, խորհրդատուութիւններ իրականացնելու նպատակով՝ բողոքարկելով Խուլիոյ Ռէժինիի սպաննութեան վերաբերեալ հետաքննութիւններուն առաջընթացի բացակայութեան դէմ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ այս հարցի պատասխանատու Հռոմի գլխաւոր դատախազը յայտարարութեամբ հանդէս գալով, յայտնած է, որ եգիպտացիները իրենց յանձնած են սպանեալի երկու իտալացի ուսանող ընկերներուն հեռախօսազանգերուն ձայնագրութիւնները, որոնք Գահիրէ կը գտնուէին անոր անհետացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ Ռէժինիի դիակի գտնուած օրուան նկարները: Սակայն այդ յայտարարութեան մէջ չէ նշուած 25 յունուարին Ռէժինիի անհետացման օրը թաղամասը հսկող տեսախցիկի առած նկարներու յանձման մասին, որ պահանջած էին տեսնել իտալացիները:
Աղբիւրի համաձայն, եգիպտական խումբը նշած է, թէ իրենք տակաւին կը սերտեն օտարերկրացիներու դէմ ոճրագործական խմբաւորման կողմէ Ռէժինայի առեւանգման հնարաւորութիւնը, որու բոլոր անդամները մահացան անցեալ ամիս ոստիկանութեան հետ ունեցած բախումներու փոխհրաձգութեան ընթացքին:
Յայտարարութեան մէջ դատախազը նաեւ ընդգծած է, որ Իտալիոյ դատախազութիւնը «վերստին համոզուած է, որ Ռէժինայի տանջալի սպաննութեան վերաբերեալ յանցախումբի մեղաւորութեան մասին ուղղակի փաստեր տակաւին չեն յայտնաբերուած»: