image

Իսրայէլ տարեկան 700 պաղեստինցի երեխայ կը դատապարտէ

Իսրայէլ տարեկան 700 պաղեստինցի երեխայ կը  դատապարտէ

«Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային  կազմակերպութեան» կողմէ հրապարակուած զեկոյցի համաձայն, Իսրայէլի պետութիւնը տարեկան 700 պաղեստինցի երախայ կը ձերբակալէ եւ կը դատապարտէ: Այս մասին կը գրէ «Lebanon 24»ը, նշելով, որ զեկոյցի համաձայն, ռազմական դատարանները երեխաներու հանդէպ վատ վերաբերմունք կը դրսեւորեն, ճնշման տակ հարկադրուած խոստովանութիւն ստանալու նպատակով:

Կազմակերպութեան հաշուետուողականութեան ծրագրի տնօրէն Այէտ Ապու Քթայշ պարզաբանած է, որ իսրայէլեան ուժերը 18 տարի առաջ երկրորդ «Ինթիֆատա»ի բռնկումէն ի վեր 2000 պաղեստինցի երեխայ սպաննած է, աւելցնելով, որ ոչ մէկ իսրայէլցի զինուոր պատասխանատուութիւն չէ կրած այդ հարցով:

Կազմակերպութեան կատարած վիճակագրութեան համաձայն պաղեստինեան երկրորդ «Ինթիֆաեայէն» ցայսօր 14 հազար երեխայ ձերբակալուած է, որոնցմէ 350-ը բանտերու մէջ կը մնան:

Նշենք, որ այս զեկոյցը պատրաստուած էր «Պաղեստինի երեխաներու օրուան» առթիւ, որ կը համընկնի ամէն տարուան 5 ապրիլին: