Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան ընդունած է լրագրող եւ թղթակից Ռաֆի Սայեղը։ Հանդիպման ընթացքին զրոյց ծաւալած է լրագրական գործունէութեան եւ յատկապէս հայ համայնքային ու եկեղեցական կեանքին վերաբերող նիւթերու լուսաբանման շուրջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, Ազգային Փոխանորդարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց լրագրող եւ թղթակից Ռաֆի Սայեղը։
Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը զրուցեց անոր հետ լրագրական եւ թղթակցական գործունէութեան վերաբերեալ, մասնաւորաբար՝ հայ համայնքային եւ եկեղեցական կեանքին առնչուող նիւթերու լուսաբանման մասին։
Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնը փոխանցեց Ռաֆի Սայեղին՝ մաղթելով անոր յաջողութիւն եւ արդիւնաւոր գործունէութիւն իր պատասխանատու աշխատանքին մէջ։