Երէկ Թեհրանի մէջ հրաժեշտ տուին Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու փաղանգի «Քուտս» յատուկ ստորաբաժանման ղեկավար, զօրավար Քասէմ Սուլայմանիին:
3 Յունուարի գիշերը ԱՄՆ-ը Պաղտատի օդակայանին շուրջը գործողութիւններ իրականացուցած էր, որոնց հետեւանքով սպանուած են Քասէմ Սուլայմանին եւ Իրաքի մէջ շիական աշխարհազօրայիններու հրամանատարի տեղակալ Ապու Մահտի ալ-Մուհանտիսը, որոնց Ուաշինկթընը կը համարէ 2019 թուականի 31 դեկտեմբերին Պաղտատի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան վրայ յարձակման կազմակերպիչներ:
«Խելագար Թրամբ: Չկարծես, թէ ամէն ինչ պիտի աւարտի հօրս տառապալի մահով»,- յայտարարած է Զեյնապ Սուլայմանին:
«Ամերիկացիներն իսկապէս չեն գիտակցիր՝ ինչ լուրջ սխալ թոյլ տուած են»,-ըսած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին:
Նշուած է, որ հրաժեշտէն ետք զօրավարի մասունքները պիտի տեղափոխեն Քում, որ կը համարուի շիաներու կեդրոններէն մէկը:
Իրանի հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամենիին եռօրեայ սուգ յայտարարած է եւ՝ ըսած, որ դաժան վրէժ կը սպասէ անոնց, որոնց ձեռքերուն վրայ է Սուլայմանիի եւ միւս տառապյալներու արիւնը: